Մեր ծուխերէն

ՌՈՏ ԱՅԼԸՆՏԻ ՕՐԷՆՍԴՐԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆԸ ՈԳԵԿՈՉԵՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Երխքշաբթի, 23 Ապրիլին, Ռոտ Այլընտի Ներկայացուցիչներու Տունը եւ Ծերակոյտը վաւերացուցին Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի օրուան որոշումնագրերը։ Արժպ. Տ. Գաբրիէլ Քհն. Նազարեան՝ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ (Փրաւիտընս) հոգեւոր հովիւը, բացման աղօթքը կատարեց Ներկայացուցիչներու Տան դահլիճին մէջ։ Աղօթքի ընթացքին, Տէր Հայրը խօսեցաւ ցեղասպանութեան եւ անոր մերօրեայ շարունակութեան՝ Արցախի մէջ, ինչպէս եւ ներկայ Հայաստանի գերիշխանութեան սպառնալիքի մասին։