Կաթողիկոսարանէն

ԱՐՑԱԽԻ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԸ՝ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԵԱՄԲ

ԲԱՑՄԱՆ ՆԻՍՏ

«Արցախի իրաւունքներու վերականգնումի հրամայականը՝ ընդդէմ Ատրպէյճանի ցեղասպանական քաղաքականութեան» համագումարը, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ին, սկսաւ Շաբաթ, 20 Ապրիլին, Անթիլիասի Մայրավանքի «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ, ներկայութեամբ Միջազգային Քրէական Դատարանի հիմնադիր դատախազ դոկտ. Լուիս Մորէնօ Օքամփոյի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախկին նախարար Վարդան Օսկանեանի, եւ մասնակցութեամբ Հայաստանէն, Արցախէն եւ Սփիւռքէն հրաւիրուած պատմաբաններու, միջազգային իրաւունքի մասնագէտներու եւ քաղաքագէտներու։

Վեհափառ Հայրապետը կատարեց համագումարին բացումը։ Ողջունելով դոկտ. Մորենօ Օքամփոյի ներկայութիւնը, Վեհը գնահատեց յանուն արդարութեան տարած անոր գործունէութիւնը։ Ան դիտել տուաւ, որ արդարութիւնը Աստուծոյ ընծայած շնորհքն է եւ եկեղեցւոյ առաքելութիւնը, որուն հաւատարիմ է հայ եկեղեցին։ Այս համագումարը կը միտի արծարծելու այն ճանապարհները, որոնք կը տանին արցախահայութեան իրաւունքներու վերականգումին, որովհետեւ Արցախի էջը փակուած չէ՛ մեզի համար, ընդգծեց Նորին Սրբութիւնը։

Ապա, Արցախի կացութեան վերաբերեալ դոկտ. Օքամփոյի վերջին երկու տեղեկագիրներու լոյսին տակ, Վեհափառ Հայրապետը հարցադրեց Արցախի մէջ կատարուած ցեղասպանութեան հանդէպ միջազգային ընտանիքին անտարբերութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ Միջազգային Քրէական Դատարանին առջեւ Ատրպէյճանի մենատէր Իլհամ Ալիեւը հետաքննութեան ենթարկելու կարելիութիւնները։ Ան նաեւ հարց դրաւ արցախահայութեան վերադարձի եւ իրաւունքներու վերահաստատման խնդիրներով միջազգային օրէնքի հեռանկարները, մանաւանդ երբ Ատրպէյճան ինք կը հրաւիրէ արցախահայութիւնը Արցախ վերադառնալ որպէս Ազրպէյճանի քաղաքացիներ։ Վեհափառ Հայրապետը վերոնշեալ երկու խնդիրները որակեց գոյակցական պայքար եւ ընդգծեց անոնց թէ՛ իրաւաբանական եւ թէ՛ քաղաքական խնդիր ըլլալը։ Այս հարցերուն լոյսին տակ Հայրապետը հրաւիրեց դոկտ. Օքամփոն՝ «Ազրպէյճանի իրականացուցած ցեղասպանութիւնը եւ արցախահայութեան վերադարձի իրաւունքը» նիւթը ներկայացնելու։

Ընկերվար Միջազգայնականի փոխ նախագահ Մարիօ Նալպանտեան հակիրճ տողերով ներկայացուց դասախօսը եւ անոր հայանպաստ աշխատանքը։ Դոկտ. Լուիս Մորէնօ Օքամփօ իր խօսքին մէջ ընդգծեց, որ պէտք է շարունակենք Արցախի մէջ տեղի ունեցած վերջին իրադարձութիւնները որակել իբրեւ ցեղասպանութիւն, որովհետեւ առանց ցեղասպանութեան հատուցման՝ արցախահայութեան վերադարձը եւ իրենց իրաւունքներու ապահովումը անկարելի է։ Խօսելով պետութիւններու անտարբերութեան մասին, ան ըսաւ, թէ պատճառը պետութիւններու պարտաւորութենէ խուսափիլն է եւ իրենց աշխարհաքաղաքական շահերուն չհամընկնիլը։ Այս ծիրին մէջ ան յանձնարարեց նեղի մատնել ղեկավարները՝ Ալիեւի հետ իրենց գործակցութեան համար։ Օքամփօ նաեւ բացատրեց միջազգային օրէնքի նրբերանգները, օրինակ՝ երբ Ալիեւը ցեղասպան անուանելը կը պահանջէ յատուկ դատավարութիւն, ուստի նոյն խնդիրը տարբեր կերպով կարելի է բարձրացնել։

Օքամփոյի զեկոյցէն ետք, Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախկին նախարար Վարդան Օսկանեան յայտնեց, թէ ցեղասպանութեան դէմ պայքարը միշտ եղած է հայ ժողովուրդի պայքարներու ճակատին՝ իւրաքանչիւր հանգրուանին ա՛լ աւելի մարտահրաւէրներ բանալով մեր առջեւ։ Ան մտահոգութիւն յայտնեց, որ ժամանակի ընթացքին ցեղասպանութեան ճանաչման ու հատուցման պայքարը կրնայ նուաղիլ։ Օսկանեան խօսեցաւ Արցախի ցեղասպանութեան հարցը բարձրացնելուն շուրջ Օքամփոյի տարած աշխատանքին մասին եւ հարց տուաւ մեր դատին համար իրաւաբանութեան եւ քաղաքականութեան ճիշդ օգտագործումին գծով՝ շեշտելով Հայաստանի իշխանութեան կարեւոր դերակատարութիւնը այս հարցին շուրջ։

Զեկոյցներէն ետք տեղի ունեցաւ շահաւէտ քննարկում-զրոյց, ուր անդրադարձ կատարուեցան Արցախի մէջ կատարուած մարդկային իրաւունքներու խախտման քաղաքական հարց ըլլալուն, ինքնավարութեան, երրորդ կողմի պատասխանատուութեան, Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանին մէջ այս հարցերուն բարձրացման, Սփիւռքի դերակատարութեան, անիրական երազներով պայքար տանելու վտանգին, Ռուսիոյ խաղաղապահ ոյժերու դերակատարութեան եւ հանրային կարծիքի ազդեցութեան մասին, ի շարս այլոց։

ՎԵՑ ՆԻՍՏԵՐ

Գիտաժողովը իր առաջին օրուան աշխատանքները աւարտեց վեց նիստերով։

Բացման նիստէն ետք հանդէս եկաւ փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեան, որ համապարփակ կերպով անդրադարձաւ Ատրպէյճանի աւելի քան մէկ դարէ ի վեր իր սահմանակից երկիրներուն եւ ժողովուրդներուն դէմ կատարած պատմամշակութային խեղաթիւրման քաղաքականութեան։ Ապա, փրոֆ. Գէորգ Ստեփանեան խօսեցաւ «Մեծ Ատրպէյճան» ծրագրին նպատակով համաթուրքական հայեցակարգի հանգրուաններուն եւ անոր իրականացման համար աշխարհաքաղաքական շահերու բերումով տարածաշրջանային դերակատարներուն ազդեցութեան մասին։ Դոկտ. Գայիանէ Յովհաննիսեան զեկուցեց Արցախի նկատմամբ Ատրպէյճանի վարած խտրական քաղաքականութեան եւ հակահայ ժողովրդագրական քաղաքականութեան դրսեւորումներուն մասին՝ հիմնական նպատակ ունենալով փոխել շրջանին էթնիկ պատկերը։ Նիստը վարեց փրոֆ. Ռուբէն Սաֆրաստեան։

Երրորդ նիստի ընթացքին, փրոֆ. Սաֆրաստեան իբրեւ զեկուցաբեր լուսարձակի տակ առաւ 44-օրեայ պատերազմէն ետք տարածաշրջանային նոր ռազմավարութիւնը, որուն հիմքը կը կազմեն նոր օսմանականութեան եւ փանթուրքիզմի հայեցակարգերը՝ Արցախի հայաթափումը եւ Արցախի ամբողջական կլանումը Ազրպէյճանի կողմէ։ Այս նիստին զեկուցեց նաեւ դոկտ. Կարէն Խանլարեան, որ ընդգծեց Սիւնիքի աշխարհաքաղաքական դերը համաթուրքական ծաւալապաշտութեան խափանման գործընթացքին մէջ, մասնաւորապէս թուրք-ազրպէյճանական ցեղասպան դաշինքին կողմէ պարբերաբար հնչող «Զանգեզուրի միջանցք» հռետորաբանութեան առումով եւ անդրադարձաւ Իրանի պետական պաշտօնատարներու դիրքորոշումներուն այս գծով։Ահարոն Շխրտըմեան ներկայացուց նոր օսմանականութիւնը եւ այս իմաստով տարբեր ոլորտներու մէջ տարուած քաղաքականութիւնը։ Նիստը վարեց փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեան։

Չորրորդ նիստի զրուցավարն էր Ահարոն Շխրտըմեան։ Ելոյթ ունեցաւ փրոֆ. Արմէն Մարուքեան, որ Արցախի եւ Հայաստանի հանրապետութիւններուն դէմ Ատրպէյճանի սանձազերծած լայնածաւալ պատերազմի քարոզչական-տեղեկատուական ուղղութիւններուն մասին մանրամասնեց եւ դիտել տուաւ, որ Հայաստանն ու Սփիւռքի կառոյցները պէտք է վերանային իրենց գործունէութեան նախկին մարտավարութիւնը եւ որդեգրեն պայքարի նոր մեթոտներ։ Ապա, դոկտ. Նորա Պայրագտարեան համապարփակ կերպով մատնանշեց Արցախի մէջ կատարուած ցեղասպանական արարքի միջազգային օրէնքի տակ քննարկումը՝ պետական եւ ոչ-պետական կարողականութեան ընձեռած հնարաւորութիւններու ծիրին մէջ, եւ կեդրոնացաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ Սիսի Կաթողիկոսարանի վերադարձի գծով 2015 թուականին բացած դատին վրայ իբրեւ նախադէպ։

Օրուան վերջին նիստով, դոկտ. Իսկուհի Աւանեսեան ներկայացուց Արցախի խաղաղ բնակչութեան նկատմամբ Ատրպէյճանի ցեղասպանական գործողութիւնները, միջազգային իրաւունքներու լայնածաւալ խախտումները եւ պատերազմական յանցագործութիւնները։ Փրոֆ. Վահրամ Բալայեան խօսեցաւ Սեպտեմբեր 2023-ին Ատրպէյճանի սանձազերծած ռազմական գործողութիւններուն մասին եւ Ատրպէյճանի օգտագործած ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող աշխարհագրական դիրքը եւ ուժանիւթային աղբիւրները, ու անդրադարձաւ Արցախի բռնի տեղահանման հետեւանքներուն եւ կործանարար գործընթացը կանխելու կարելիութիւնները։ Իսկ Եղիա Թաշճեան ներկայացուց Հարաւային Կովկասի շուրջ յետ 2020-ի աշխարհաքաղաքական եւ աշխարհատնտեսական իրադարձութիւնները եւ ապագայ մարտահրաւէրները։ Նիստը վարեց Տիգրան Եկաւեան։

Իւրաքանչիւր նիստի աւարտին տեղի ունեցած զրոյցները աւելիով հարստացուցին ներկայացուած նիւթերը։