Featured, Առաջնորդարանէն

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄԸ՝ ԱՒԵԼԻ ԱՅԺՄԷԱԿԱՆ ՔԱՆ ԵՐԲԵՔ

24 Ապրիլին, Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի նախագահութեամբ, Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, ոգեկոչելով Հայոց Ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներու յիշատակը։ Պատարագիչն էր Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ (Տակլըսթըն, Նիւ Եորք) հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Նարեկ Քհն. Թրթռեան։ Արարողութեան մասնակցեցան  առաջնորդական փոխանորդ եւ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի) հոգեւոր հովիւ՝ Գերպ. Տ. Սահակ Ծ. Վրդ. Եմիշեան, եւ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Մեսրոպ Քհն. Լագիսեան.

Յաւարտ Ս. Պատարագի, տեղի ունեցաւ մոմավառութիւն եւ մատաղօրհնէք։ Գործադրուեցաւ գեղարուեստական կարճ յայտագիր մը, որուն յաջորդեց քայլարշաւը դէպի Թայմզ Սքուէր, կազմակերպութեամբ  Հայ Դատի Յանձնախումբի Նիւ Եորքի եւ Նիւ Ճըրզիի մասնաճիւղերուն եւ Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան «Մուշ», «Հայորդիք» եւ «Արսէն» մասնաճիւղերուն։