ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏՆԵՐԸ ՇԵՇՏԵՑԻՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՏԱՐԱԾՔԱՅԻՆ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԱՄՈՒՐ ՊԱՀԵԼՈՒ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆԸ
Երեքշաբթի, 30 Ապրիլին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի միջեւ տեղի ունեցաւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին անոնք խորհրդակցեցան Հայաստանը յուզող ներկայ խնդիրներուն ու տագնապներուն շուրջ:
Վեհափառ Հայրապետները շեշտեցին Հայ Եկեղեցւոյ անխախտ յանձնառութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութիւնն ու անվտանգութիւնը ամուր պահելու հրամայականին հանդէպ։ Միաժամանակ, անոնք ընդգծեցին մեր ժողովուրդին ներքին միասնականութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը ներկայ տագնապալից օրերուն:
Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեց Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետին եւ ընդհանրապէս Ս. Էջմիածնի Մայր Աթոռին, անոր հայրենանուէր կեցուածքներուն եւ կատարած աշխատանքներուն համար: