ԱՐՑԱԽԻ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԸ ԶՕՐԱՇԱՐԺԻ ԿՈՉ Կ՚ՈՒՂՂԷ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՑԵՂԱՍՊԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ
Ինչպէս տեղեկացուցած էինք, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի կազմակերպութեամբ, 20-22 Ապրիլին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ «Արցախի իրաւունքներու վերականգնումի հրամայականը՝ ընդդէմ Ատրպէյճանի ցեղասպանական քաղաքականութեան» խորագրով միջազգային համագումարը։ Եռօրեայ նիստերուն մասնակցեցան Հայաստանէն, Արցախէն եւ Սփիւռքի տարբեր շրջաններէն շուրջ 30 պատմաբաններ, միջազգային իրաւունքի մասնագէտներ եւ քաղաքագէտներ։
Վեհափառ Հայրապետի հրաւէրով համագումարին ներկայ էին նաեւ Միջազգային Քրէական Դատարանի առաջին դատախազ դոկտ. Լուիս Մօրոնօ Օքամփօ, ինչպէս նաեւ Արցախի Ազգային Ժողովի ստեղծած Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցերով յանձնախումբի աշխատանքները համակարգող, Հայաստանի Արտաքին Գործոց նախկին նախարար Վարդան Օսկանեան։
Համագումարը քննարկեց Արցախի հայաթափման յաջորդած Ատրպէյճանի յանցաւոր քաղաքականութիւնը եւ անոր արձագանգները միջազգային շրջանակներու եւ մամուլին մէջ։ Ուշադրութեան սեւեռակէտն էին Արցախի ժառանգութեան նկատմամբ իրագործուող մշակութային ցեղասպանութիւնը, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի ներուժի համախմբումը եւ Արցախի իրաւունքներու պաշտպանութեան ուղղութեամբ հնարաւոր քայլերը։ Շեշտուեցան Արցախի ժողովուրդին միջազգային երաշխիքներով հաւաքական վերադարձի իրաւունքի եւ յարակից այլ իրաւունքներու իրագործման հիմնաւորումներն ու հնարաւորութիւնները։
«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ը քննարկեց նաեւ Արցախի հայաթափման հետեւանքով Հայաստանի հանրապետութեան սպառնացող գոյութենական վտանգները եւ որոշեց հրատարակել համագումարի նիւթերու ժողովածուն, պատրաստել Ազրպէյճանի ցեղասպանական քաղաքականութիւնը փաստագրող թղթածրար մը եւ հաստատել խորհրդակցական կապեր համահայկական օրակարգերու ձեւաւորման շուրջ վերլուծական եւ իրաւաքաղաքական աշխատանքներ տանող կեդրոններու եւ դերակատարներու հետ։