Առաջնորդարանէն

ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԸ ՏԵՂԻ ՊԻՏԻ ՈԻՆԵՆԱՅ ՄԻՇԻԿԸՆԻ ՄԷՋ

Մայիս 16-18-ին, Արեւելեան Թեմի աշխարհական եւ կրօնական երեսփոխանները տարեկան Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը պիտի գումարեն Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ (Տիրպորն, Միշիկըն)։ Կրօնական համագումարը տեղի պիտի ունենայ 15 Մայիսին։

Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, ընդգծեց Երեսփոխանական Ժողովի կարեւորութիւնը իբրեւ հաշուետուութեան բարձրագոյն ատեանը Թեմին մէջ։ Երեսփոխանները պիտի քննեն անցեալ տարուան գործունէութիւնը,   2024-2025-ի պիւտճէն, պիտի կատարեն Ազգային Վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական Ժողովներու անդամներու ընտրութիւնը, եւ պիտի քննարկեն օրակարգի այլ հարցեր։

Անոնք նաեւ պիտի ծրագրեն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի հովուապետական այցելութեան երկրորդ բաժինը, որ պիտի ընդգրկէ Նիւ Ինկլընտի եւ Միջին Արեւմուտքի շրջանները եւ նախատեսուած է յառաջիկայ Հոկտեմբերին։