Առաջնորդարանէն

ԴՊՐԱՊԵՏՆԵՐՈՒ ՍԵՄԻՆԱՐ Ս. ՍՏԵՓԱՆՈՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

3-4 Մայիսին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւանի հովանաւորութեամբ, եւ Կրօնական Ժողովի կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ դպրապետներու սեմինար մը Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ (Ուոթըրթաուն, Մէսէչուսէթս), մասնակցութեամբ զանազան ծուխերէ եկած դպրապետներու եւ դասախօսներու։

Ուրբաթ, 3 Մայիսին, երեկոյեան արարողութենէն ետք, Արժպ. Տ. Ստեփան Քհն. Պալճեան՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ (Նորթ Անտովըր, Մէսէչուսէթս) հոգեւոր հովիւ, դասախօսեց Ս. Պատարագի տարբեր մշակումներուն մասին, որոնք ներկայիս կը գործածուին եկեղեցիներու մէջ։

Շաբաթ, 4 Մայիսին, առաւօտեան արարողութենէն ետք, պրն. Խաչիկ Ղազարեան դասախօսեց շարականներու պատմութեան եւ խազագրութեան զարգացման մասին։ Այնուհետեւ, Արժպ. Տ. Պետրոս Շիթիլեան՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ (Ինտիըն Օրչըրտ, Մէսէչուսէթս) հոգեւոր հովիւ, աշխատանոց մը վարեց, որուն ընթացքին ան ներկայացուց եւ գործի դրաւ խմբավարութեան տարբեր մեթոտներ՝ երգեցողութեան որակը բարձրացնելու համար մեր եկեղեցիներուն մէջ։