Երեքշաբթի, 7 Մայիսին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ՝ կապ հաստատելով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին հետ, իր ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեց Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդին կողմէ հրապարակուած յայտարարութեան՝ Հայաստանի կացութեան մասին։
Վեհափառ Հայրապետները տեսակէտներու փոխանակում ունեցան Հայաստանը դիմագրաւող ներկայ տագնապներուն շուրջ, մասնաւորաբար Տաւուշի մարզէն ներս ստեղծուած կացութեան լոյսին տակ։ Անոնք որոշեցին շարունակել իրենց խորհրդակցութիւնները, շեշտելով հայ եկեղեցւոյ առանցքային դերակատարութիւնը հայ ժողովուրդն ու Հայաստանը յուզող տագնապներու յաղթահարման գծով։