ՅՈՎՍԷՓ ՓՈՒՇՄԱՆ (ծնունդ՝ 9 Մայիս, 1877)
Ամերիկահայ նկարիչ Յովսէփ Փուշման Միացեալ Նահանգներու արուեստի յայտնի անուններէն մէկը եղած է 1930-1950-ական թուականներուն։
Ծնած է Սիլվան (Տիարպեքիր), 9 Մայիս, 1877-ին։ 1896-ի հայկական կոտորածներու ժամանակ, ընտանիքով ապաստանած են Միացեալ Նահանգներու մէջ։ Ընտանիքը մասնագիտացած էր հայկական գորգերու վաճառքին մէջ, ինչ որ իր ազդեցութիւնը ձգած է, մանուկ հասակէն, ապագայի նկարիչի ընկալումներու աշխարհին վրայ։
Յովսէփ Փուշման նախնական կրթութիւնը ստացած է Պոլսոյ Գեղարուեստի կայսերական դպրոցին մէջ։ Ամերիկա հաստատուելէ ետք, Շիքակոյի մէջ ամբողջութեամբ նուիրուած է չինական մշակոյթի ուսումնասիրութեան։ 1905-ին այցելած է Չինաստան, ուր մասնագիտացած է արեւելեան գեղանկարչութեան եւ փիլիսոփայութեան ուսումնասիրութեան մէջ։ Ուսումը շարունակած է Փարիզի «Ժիւլիէն» ակադեմիայի մէջ։ 1914 եւ 1921 թուականներուն Փարիզի Ֆրանսացի Արուեստագէտներու Սալոնի կազմակերպած ցուցահանդէսներուն ստացած է երկու մրցանակ։ 1928-ին Փուշման ընտրուած է Հայաստանի Նկարիչներու Միութեան պատուաւոր անդամ: Գործօն մասնակցութիւն բերած է «Անի» հայ արուեստագէտներու ընկերակցութեան ստեղծման Փարիզի մէջ (1926)։ 1920-ին իր արուեստանոցը հիմնած է Քարնեկի Հոլի մէջ (Նիւ Եորք)։ 1940-ական եւ 1950-ական թուականներուն Փուշմանի եւ The New York Graphic Society կազմակերպութեան միջեւ դատական վէճ մը կը սկսի։ Վերջինս անոր գործերէն նմոյշներ վերատպած էր առանց արուեստագէտի թոյլտուութեան։ Դատավարութիւնը աւարտած է Փուշմանի յաղթանակով։
Յովսէփ Փուշման գեղանկարչութեան աշխարհի մէջ ծանօթ է իր մանրազնին, որոշակի մտորումներու մղող իրանկարներով (still life), որոնց յօրինուածքներուն համար հիմք ծառայած են հայկական ձեռագիրներ, թալիսմաններ, խնկամաններ, հնագոյն զարդեր, կանացի նուրբ, զգայական եւ զգացմունքային դիմանկարներով, որոնց հերոսուհիները կը կրեն արտասովոր, գունագեղ զգեստներ։ Փուշմանի արուեստի բնութագրական յատկանիշը Արեւելքի պաշտամունքն է, որ կ’արտայայտուի որոշակի խորհրդանիշներու միջոցով։ Հոգեւոր նկարագիր ունեցող այս աշխատանքներուն կցուած են գրառումներ, որոնք աւելի դիւրին կը դարձնեն դիտողին մեկնաբանական գործը։
Փուշման մահացած է 13 Փետրուար, 1966-ին։ Անոր աշխատանքները կը գտնուին Ամերիկայի եւ Հայաստանի հանրային եւ անհատական հաւաքածոներու մէջ։