ՆԻՒ ԻՆԿԼԸՆՏԻ ՇՐՋԱՆԻ «ՀԻՄՆԱՍԻՒՆԵՐ»ՈՒ ՄԵԾԱՐԱՆՔ
Ուրբաթ, 3 Մայիսին, Ազգային Վարչութեան կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն մը «Բաբգէն Սիւնի» ակումբին մէջ (Ուոթըրթաուն, Մէսէչուսէթս), ի պատիւ Նիւ Ինկլընտի շրջանի Ազգային Առաջնորդարանի նուիրատուներուն, որոնք կը մասնակցին «Հիմնասիւներ» (Pillars) ծրագրին, 65 հոգիի ներկայութեամբ։ Այս ծրագիրը, որուն մասնակիցները տարեկան առնուազն 1.000 տոլարի յանձնառութիւն մը կը ստանձնեն, Ազգային Առաջնորդարանի ծրագիրներուն ի նպաստ մնայուն եկամուտի աղբիւր մը հանդիսացած է։
Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ (Ուոթըրթաուն, Մէսէչուսէթս) հոգաբարձութեան ատենապետ՝ Յովհաննէս Տաղլեանի բարի գալուստի խօսքերէն ետք, ցուցադրուեցաւ կարճ տեսանիւթ մը, որ կը ներկայացնէր Ազգային Առաջնորդարանի գործունէութեան համապարփակ մէկ պատկերը։ Այնուհետեւ, Ազգային Վարչութեան ատենապետ՝ գնդ. Արամ Սարաֆեան, ողջունեց ներկաները եւ երախտագիտութիւն յայտնեց անոնց երկարամեայ յանձնառութեան համար։
Իր պատգամին մէջ, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, դիտել տուաւ, որ այս ծրագրին մասնակիցները հիմնական դեր մը կը խաղան Ազգային Առաջնորդարանի գործունէութեան մէջ։ Ան յիշեց, թէ ծրագիրը սկսած է իր նախորդը՝ Գերշ. Տ. Օշական Արքեպիսկոպոս, օրուան Ազգային Վարչութեան գործակցութեամբ եւ կարեւոր դեր մը ունեցած է Առաջնորդարանի նպատակներու իրագործման մէջ։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նշեց, թէ մասնակիցներուն յանձնառութիւնը «մեր ծրագիրները ընդլայնելու եւ տարբեր կալուածներու մէջ մեր առաքելութիւնը իրագործելու նախանձախնդրութիւնը ցոյց կու տայ»։