Յարութիւն Յովհաննէս (Յ. Յ.) Չաքմաքճեան քիմիագիտութեան դասախօս, խմբագիր, բառարանագիր եւ ամերիկահայ նշանաւոր երգահանի մը հայրը եղած է։
Ծնած է Ատանա, 20 Հոկտեմբեր, 1879-ին, երկրագործներու ընտանիքի մը մէջ։ Ուսանած է Ատանայի Աբգարեան վարժարանին մէջ, իսկ յետոյ տարի մը՝ Անթուրայի ֆրանսական միսիոնարներու վարժարանին մէջ (Պէյրութ)։
Ուսուցչական ասպարէզը սկսած է Կեսարիոյ եւ Կիրասոնի մէջ։ Պէյրութի մէջ դասաւանդելէ ետք, 1901-ին փոխադրուած է Կիպրոս, իսկ 1904-ին անցած է Ամերիկա։ Հաստատուած է Պոսթոն, ուր ուսանած է Հարվըրտ համալսարանին մէջ (1905-1908)։ Չաքմաքճեան, որ Հ. Յ. Դաշնակցութեան անդամ էր, 1908-1912-ին «Հայրենիք» շաբաթաթերթի խմբագիրը եղած է։ Միջոցին, ամուսնացած է սկովտիացի ծագումով Մատլէն Սքոթի հետ, 1910-ին, եւ ունեցած են զաւակ մը՝ հռչակաւոր երգահան Ալան Յովհաննէսը (Յովհաննէս Չաքմաքճեան, 1911-2000)։ Յարութիւն Չաքմաքճեան Հարվըրտ վերադարձած է 1912-ին, իսկ յաջորդ տարի շրջանաւարտ եղած է։ Կինը մահացած է 1930-ին։
Յ. Չաքմաքճեան այնուհետեւ երկար տարիներ դասախօսած է քիմիագիտութիւն եւ կենսաքիմիագիտութիւն Թաֆց գոլէճի (Tufts College) մէջ, միաժամանակ կապուած ըլլալով Թաֆցի բժշկական դպրոցին հետ, որմէ հանգստեան կոչուած է 1949-ին։ 1955-ին հանգստեան կոչուած է Թաֆց համալսարանէն իբրեւ պատուակալ դասախօս։
Խմբագրական իր աշխատանքին կողքին, Յարութիւն Չաքմաքճեան հեղինակած է քանի մը հատորներ։ Իր ամենէն նշանաւոր գործը եղած է մեծածաւալ, աւելի քան 1400 էջնոց անգլերէն-հայերէն ընդարձակ բառարանը (1922) (վերատպուած՝ 1953-ին եւ 1978-ին)։ Նաեւ հրատարակած է շարք մը հանրամատչելի գործեր՝ «Սահմանադրական կառավարութիւններ» (հատոր 1, 1910), «Ամերիկահայ նամականի» (1914), «Քերական-ընթերցարան» (դպրոցական դասագիրք) (1916), «Ընդարձակ պատմութիւն Հայոց» (1917), «Մայրենի լեզու» (դպրոցական դասագիրք) (1920)։ Հայերէնի թարգմանած է նաեւ Մոլիեռի «Ագահը» թատերախաղը (1914)։
1964-ի նամակի մը մէջ, Յարութիւն Չաքմաքճեան գրած է. «Մարդոց կենսագրութիւնը կարեւոր ծառայութեամբ մը միայն արժէք կ՚ունենայ (…)։ Համոզուած եմ որ ինծի արդարութիւն ըրած կ՚ըլլամ, եթէ յայտնեմ որ անծանօթ ծնած եմ եւ անծանօթ ալ պէտք է երթամ։ Ինձմէ շատ աւելի կարեւոր անձեր գերեզման անգամ չունեցան»։ Մահացած է 22 Մայիս, 1973-ին, 94 տարեկանին, Ճամէյքա Փլէյնզի (Մէսէչուսէթս) հայկական ծերանոցին մէջ։