ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԸ ԻՐ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐՈՒՆ ՍԿՍԱՒ ՄԻՇԻԿԸՆԻ ՄԷՋ
Հինգշաբթի, 16 Մայիսին, Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ (Տիրպորն, Միշիկըն) կազմակերպութեամբ, բացումը կատարուեցաւ Արեւելեան Թեմի 2024-ի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովին, որ իր աշխատանքները պիտի շարունակէ մինչեւ Շաբաթ, 18 Մայիս։ Նախապէս, 15 Մայիսին, տեղի ունեցած էր Թեմիս հոգեւորականաց համագումարը նոյն եկեղեցւոյ մէջ։
Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսին, եւ երեսփոխաններուն ուղղուած պատգամով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր օրհնութիւնը տուաւ ժողովականներուն։ Իր պատգամին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը երեսփոխաններուն ուշադրութիւնը հրաւիրեց ծուխերուն վրայ, ըսելով. «Առաջնորդարանի գործունէութիւնն ու իրագործումները գնահատելու ժամանակ, կը թելադրեմ, որ հիմնական ուշադրութիւն ընծայէք ծուխերուն, որոնք փաստօրէն կորիզը կը կազմեն Առաջնորդարանի մտածումին ու գործին, եւ մեր համայնքային կեանքի կեդրոնը»։
Երեսփոխանական Ժողովի բացման աղօթքը կատարեց առաջնորդական փոխանորդ՝ Գերպ. Տ. Սահակ Ծ. Վրդ. Եմիշեան, յանուն Առաջնորդ Սրբազան Հօր, որ առողջական պատճառներով չկրցաւ ներկայ գտնուիլ։ Դիւանին ընտրութենէն ետք, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Հրանդ Քհն. Գէորգեան, եւ հոգաբարձութեան փոխատենապետ՝ Մայքլ Քրէյն, ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեցին։ Վեհափառ Հայրապետի պատգամի ունկնդրութենէն ետք, առաջնորդական փոխանորդը կարդաց Առաջնորդ Սրբազան Հօր պատգամը, որմէ ետք ատենապետ՝ գնդապետ Արամ Սարաֆեան, Ազգային Վարչութեան տեղեկագիրը ներկայացուց։ Այնուհետեւ, տեղի ունեցաւ լիագումար նիստ մը։
Իր պատգամին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը ուրուագծեց ծուխերը համայնքի հոգեւոր կեդրոնի վերածելու իր տեսիլքը։ Ան հրամայական նկատեց ծուխերու վերակազմակերպումն ու վերաշխուժացումը եկեղեցական, վարչական, ծրագրային եւ յարաբերական գետիններու վրայ։ Պէտք է յստակօրէն սահմանել հոգեւորականութեան, հոգաբարձութեան եւ քոյր կազմակերպութիւններու միջեւ աշխատանքային յարաբերութեան բնոյթն ու շրջանակը՝ համայնքի կեանքի վերանորոգումը նկատելով հասարակաց նպատակը։ Արամ Ա. Կաթողիկոս էական նշանակութիւն տուաւ եկեղեցւոյ եւ ծխականներու յարաբերութեան. «Պէտք է ապահովենք, հովուական այցելութիւններով եւ համայնքին ուղղուած գործունէութեան ծրագիրներով, ծխականներու գործօն մասնակցութիւնը եկեղեցւոյ ընդհանուր կեանքին մէջ»։
Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց, որ եկեղեցին ըլլալով հաւատքի համայնք, անոր առջեւ ցցուած մարտահրաւէրներն են, թէ ինչպէ՞ս եկեղեցին կարելի է դարձնել ապրող իրականութիւն համայնքի կեանքին մէջ եւ թէ ինչպէ՞ս համայնքը կրնայ եկեղեցին վերածել հասարակաց հոգեւոր տան. «Այլ խօսքով, ինչպէ՞ս եկեղեցի յաճախելը կը վերածենք ծխականներու նոյնականացման եկեղեցւոյ հետ»։
Աւարտին, Նորին Սրբութիւնը իր գնահատանքը յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր, հոգեւոր դասուն, Ազգային Վարչութեան եւ Երեսփոխանական Ժողովին իրենց ծառայութեան եւ գործօն աշխատանքին համար՝ եկեղեցին ժողովուրդին տանելու, Առաջնորդարան-ծուխ կապը աւելի արդիւնաւէտ դարձնելու եւ Թեմը վերակազմակերպելու համար։
Վեհափառ Հայրապետը իր փափաքը յայտնեց բոլորին վերստին հանդիպելու յառաջիկայ Հոկտեմբերին, երբ տեղի պիտի ունենայ Արեւելեան Թեմի հովուապետական այցելութեան երկրորդ փուլը, որ նաեւ Երեսփոխանական Ժողովի նիւթերէն պիտի ըլլայ։
Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը պիտի քննարկէ ռազմավարական ծրագրումի, կանոնագրային փոփոխութիւններու եւ ելեւմտից հարցեր, ներառեալ՝ Ազգային Առաջնորդարանի 2024-2025-ի պիւտճէն։ Օրակարգի այլ նիւթերու կարգին, տեղի պիտի ունենան Ազգային Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական Ժողովներու անդամներու ընտրութիւններ։
Երեսփոխանական Ժողովին լայնօրէն պիտի անդրադառնանք մեր յաջորդ թիւերուն։