ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ. «ՄԵՐ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆԸ ԻՒՐԱՔԱՆՉԻՒՐ ԱՆՀԱՏԻ ԹԱՔՈՒՆ ՏԱՂԱՆԴԸ ՅԱՅՏՆԱԲԵՐԵԼ Է»
Ստորեւ կու տանք Առաջնորդ Սրբազան Հօր պատգամը, ուղղուած՝ Ազգային Երեսփոխանական Ժողովին։ Սրբազան Հայրը ուրուագծեց իր տեսլականը ընթացիկ տարեշրջանին համար, ներշնչուելով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի «2024 – Մարդուժի Տարի» ուղենշային հռչակագրէն եւ մեկնելով իր քառասնամեայ հովուական փորձառութենէն իբրեւ Քրիստոսի եւ Հայ Եկեղեցւոյ ծառայ։
Սիրելիներ,
Երանի թէ ձեզի հետ ըլլայի եւ այս պատգամը փոխանցէի ո՛չ միայն որպէս Առաջնորդ, բայց որպէս Քրիստոսի խոնարհ ծառայ մը, որ քառասուն տարի քալած է ձեզի հետ իբրեւ քարոզիչ, հովիւ եւ առաջնորդական փոխանորդ։ Սակայն, առողջական պատճառներով հեռու ըլլալով ձեզմէ՝ հոգեպէս կը միանամ ձեզի։
Կ՚ողջունեմ ձեզ բոլորդ Motown-ի մէջ՝ ամերիկեան ինքնաշարժի ճարտարարուեստի մայրաքաղաքը, ուր հաւաքուած ենք որպէս Արեւելեան Թեմի մեծ ընտանիք՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հովանիին տակ, քննարկելու եւ գնահատելու միամեայ մեր գործունէութիւնը եւ որոնելու նոր ուղիներ, որպէսզի վերաշխուժացնենք մեր համայնքները ի փառս Ամենակալ Աստուծոյ։
Հաշուի առնելով Եւրոպայի, Միջին Արեւելքի եւ այլ շրջաններու, եւ յատկապէս Հայաստանի ու Արցախի մէջ ներկայ պատերազմական պատկերը, կը վկայենք որ ընկերութիւնը, իր ողջ յառաջդիմութեամբ հանդերձ, շատ չէ փոխուած Հայոց Ցեղասպանութեան օրերէն, որովհետեւ աշխարհի երկիրներու կրաւորական վարքագծին դէմ յանդիման, Սեպտեմբեր 2023-ին, իննամսեայ բիրտ շրջափակումէ ետք, Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ երկու բռնատէրերը մանրակրկիտ կերպով կազմակերպեցին ու գործադրեցին հայոց երկրորդ ցեղասպանութիւնը Արցախի մէջ։
Հակառակ բոլոր այս բացասական փորձառութեանց, առաջին հերթին կ՚ուզեմ երախտագիտութիւն յայտնել Ամենակալ Աստուծոյ, որ տեսանելի ու անտեսանելի բարիքներ կը հայթայթէ մեզի եւ կը զօրացնէ մեր հայ քրիստոնէական ինքնութիւնը։ Աստուած մեզի թոյլ կու տայ տեւաբար վերանորոգուիլ եւ վերակազմակերպուիլ՝ մեր կարիքաւոր եղբայրներուն ու քոյրերուն հասնելու եւ Հայ Եկեղեցւոյ աւանդական առաքելութիւնը գործադրելու համար։ Որդիական յարգանք կը յայտնեմ Նորին Սուրբ Օծութիւն Տէր Տէր Արամ Ա․ Կաթողիկոսին, որուն ղեկավարութիւնը պատմութեան ճակատագրական այս շրջանին խիստ գովելի է։ Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ բոլոր պաշտօնակիցներուս՝ Ազգային Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական Ժողովներու անդամներուն, Առաջնորդարանի պաշտօնէութեան, Հոգեւոր Հովիւներուն, Երեսփոխանական Ժողովի պատգամաւորներուն, Հոգաբարձութեանց եւ յարակից մարմիններուն, քոյր կազմակերպութեանց եւ առհասարակ համայն ժողովուրդին՝ իրենց բացառիկ գործակցութեան համար, իբրեւ հայ կեանքի վերաշխուժացնող գործօն մասնիկներ Ամերիկայի Արեւելեան Թեմէն ներս։
Նորին Սրբութիւն Արամ Ա. Կաթողիկոս 2024 թուականը հռչակած է «Մարդուժի տարի»։ Այսպէսով, ան մեզ կը հրաւիրէ կեդրոնանալ մեր համայնքներուն վրայ եւ առարկայօրէն գնահատել մեր մարդուժը գործունէութեան մեր բոլոր կալուածներուն մէջ։ Վեհափառ Հայրապետը խօսուն կերպով եւ մանրամասնօրէն վերլուծած է այս հարցը։ Վստահ եմ, որ դուք կա՛մ լսած էք Նորին Սրբութեան պատգամը 14 Յունուարին ձեր համայնքներուն մէջ, երբ ձեր Հովիւը խորանէն ներկայացուց զայն, կա՛մ կարդացած էք “Crossroads”-ի մէջ։
Այս ուղղութեամբ, կ՚ուզեմ հովուական տեսանկիւնէ քանի մը լրացուցիչ մտածումներ բաժնել ձեր հետ.
1) ա) Մարդուժը կարելի չէ նկատի առնել առանց լիովին հասկնալու, որ Աստուած ստեղծեց ու կը պահէ մարդկութիւնը։ Ինչպէս կը կարդանք Ծննդոց գիրքին մէջ, «Աստուած իր պատկերով ստեղծեց մարդը. Աստուծոյ պատկերով ստեղծեց զանոնք. Արու եւ էգ ստեղծեց զանոնք» (Ծն 1.27)։ Աստուածաշնչական այս յայտարարութիւնը բոլորս գիտակից կը դարձնէ վերջնագոյն ճշմարտութեան, թէ աստուածային շնորհքը կը գործադրուի իւրաքանչիւր անձի մէջ։ Հետեւաբար, մենք կոչուած ենք փոխադարձ յարգանքով վերաբերելու ո՛չ միայն մարդկային, այլ աստուածային դիտանկիւնէն։ Օրինակի համար՝ եթէ Ալպերթ Այնշթայն դատուած ըլլար իր անձնական ու ընկերային կարողութիւններով, թերեւս այսօր պիտի չունենայինք այն իրագործումները, զորս կը պարտինք անոր հարցաքննող մտքին ու գիտական անյագ հետաքրքրասիրութեան։
բ) Ահա թէ ինչու մեր առաջնահերթութիւնը պէտք է ըլլայ իւրաքանչիւր անհատի թաքուն տաղանդը յայտնաբերել մեր համայնքին մէջ, եւ այդ անձն ու տաղանդը առաջին գծի վրայ բերել։ Այս հիմնական սկզբունքը նկատի առնելով, պէտք է միշտ յարգենք բոլորի կարողութիւնը, անկախաբար արժանիքէ, կարգավիճակէ կամ դիրքէ, ինչպէս Մեր Տէրը մեզի ըսաւ Իր վարդապետութեան ու Իր գործերուն մէջ։ Երկրային շրջագիծի մէջ տեղադրելու համար, կ՚ուզեմ յիշել նշանաւոր անձի մը խօսքը, որ այս փաստը աւելի անմիջական ու պարտաւորեցուցիչ կերպով արտայայտած է. «Ինծի մեծցուցած եմ, որպէսզի դռնապանին հանդէպ վերաբերիմ այն նոյն յարգանքով, որուն արժանի է գործադիր տնօրէնը»։ Միեւնոյն ոգիով, Այնշթայն ըսած է. «Բոլորին կը խօսիմ նոյն ձեւով, ըլլայ աղբահաւաքը կամ համալսարանի նախագահը»։
Խոնարհութեան այս մանր փորձը մեզ կը դարձնէ Բարեգութ Աստուծոյ նմանողները եւ աւելի գիտակից՝ թէ իւրաքանչիւր անձ իր դերը ունի Արարչութեան հէնքին մէջ։ Աւելի՛ն. կապ կը ստեղծէ անձին ու համայնքին միջեւ։ Այս մօտեցումը կ՚օգնէ ներգրաւել անոնք, որ տարբեր պատճառներով, համայնքային կեանքի լուսանցքին վրայ կը մնան։ Այս իմաստով, գնահատութեան փորձը նոր թափ կու տայ յանձնառութեան եւ նուիրումի։
գ) Կասկած չկայ, թէ բոլորս ալ կամաւոր ենք համայնքի մեր ծառայութեան մէջ։ Ուրախ եմ ըսելու, թէ մեր ծուխերու այցելութիւններուս ընթացքին, իրազեկ դարձած եմ, թէ Հովիւ ու Հոգաբարձութիւն յատուկ գնահատանքի օր մը տրամադրած են տարեկան ժամանակացոյցին մէջ՝ օժանդակ բոլոր մարմիններուն համար։ Այս պարզ ու գործնական ծրագիրը կրնայ ամրացնել մեր կապը եւ ուժեղացնել մեր ծառայութիւնը իբրեւ մեծ ու միակ ընտանիք։
2) Երկրորդ կէտը զոր կ՚ուզեմ ընդգծել այն է, թէ Աստուած բանականութեան ու ազատ ընտրութեան արժէքները կը ներշնչէ կանանց ու տղամարդոց, եւ Ան միշտ կը խթանէ մեզ, որ հետապնդենք արժէքներուն բարձրագոյնը։ Անոր հաշտարար սրբազան արարքը խաչին վրայ մեզ կը քաջալերէ մեր առաքելութիւնը լրացնելու ինչպէս մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսը կ՚ըսէ. «Ուրեմն դուք կատարեա՛լ եղէք, ինչպէս ձեր երկնաւոր Հայրը կատարեալ է» (Մտ 5.48)։
Այս շրջագիծին մէջ, կ՚ուզեմ անդրադառնալ երեք գաղափարներու՝ ա) կիսելու, բ) հաշտութիւն, գ) առաքելութիւն։
ա) ԿԻՍԵԼ։ Մեկնելով այն հասկացողութենէն, որ Աստուած Իր էութենէն եզակի երեւոյթներ կը կիսէ Իր արարածներուն հետ, երբ հետեւինք Անոր օրինակին, մեր կեանքը աւելի ու աւելի ներդաշնակ կը դառնայ մեր սեփական թէ համայնական յառաջդիմութեան համար։ Մեծապէս ուրախ եմ յայտնելու, թէ կարգ մը համայնքներու մէջ, տարբեր կալուածներու ղեկավարներ միշտ պատրաստ են իրենց պատասխանատուութիւնը կիսելու երիտասարդ սերունդին հետ, եւ նոյնիսկ մրցավազքի դրօշը փոխանցելու անոր, ինչ որ երաշխիք մըն է համայնական կեանքի յաղթանակին։ Խրախուսիչ է հանդիպիլ ձեռնարկներու, ըլլան հոգեւոր, ընկերային, կրթական, մշակութային կամ քաղաքական, ուր երիտասարդները մղիչ ոյժն են։ Ապագայի կառուցումը ներկայի մէջ, կը հաւատամ, աճումի, յառաջդիմութեան եւ կենսունակ համայնքի մը բանալին է։
բ. ՀԱՇՏՈՒԹԻՒՆ։ Մեր Տէր Յիսուս Քրիստոս, իբրեւ անձնուիրութեան եւ հաշտութեան օրինակ, մեզի ցոյց կու տայ, որ երբ անանձնական կերպով մեր համայնքներու մէջ ծառայենք, անով հարթած կ՚ըլլանք միութեան եւ զօրութեան ճանապարհը։ Վստահ եմ, որ բոլորդ ալ փորձառութիւնը ունեցած էք, թէ ինչպէս, մանր անհասկացողութիւններու հետեւանքով, գործօն անդամներ կ ը հրաժարին եւ պարապութիւն մը կը ստեղծեն համայնքի կեանքին մէջ։ Եթէ Մեր Տիրոջ քայլերուն հետեւելով, մէկ կողմ դնէինք մեր եսը եւ սնուցանէինք մեր հաւաքական եսը, կարելի պիտի ըլլար Կորուսեալ Դրախտը յայտնաբերել մեր կեանքի ընթացքին։
գ. ՔԱՋԱԼԵՐՈՒԹԻՒՆ։ Կ՚ըսուի, թէ օր մը Թոմըս Էտիսընի մայրը իր որդիին կարդաց դպրոցի տնօրէնէն եկած նամակ մը, որ կը յայտնէր, թէ որքան հպարտ էր իր զաւկի ընթացքէն իբրեւ մտային յատկութիւններով օրինակելի աշակերտ։ Տարիներ ետք, մօր յուղարկաւորութենէն ետք, Էտիսըն գտաւ այդ նոյն նամակը գզրոցի մը մէջ եւ սկսաւ կարդալ արցունքոտ աչքերով։ Նամակին մէջ գրուած էր, թէ ձախող աշակերտ մըն էր եւ պէտք էր աւելի ցած մակարդակի դպրոց մը փոխանցուէր։ Ահա ազդու դաս մը, թէ ինչպէ՞ս վերադասներէ քաջալերութիւնը կրնայ հրաշքներ գործել։
Քաջալերանքը բազմակողմանի արժանիք մըն է։ Մեր Առաջնորդարանի եւ համայնքային կեանքի շարժիչ ոյժը եղած է։ Մեր բոլոր Առաջնորդները խրախուսած են մեր հոգեւորականները, որ համալսարանական կրթութիւն ստանան եւ դիմագրաւեն միջավայրի պահանջները։ Առաջնորդարանը նաեւ քաջալերած է մեր ուսուցիչները, մեր սարկաւագները եւ մեր դպրապետները, որ իրենց գիտութիւնը ընդլայնեն, եւ շրջանային սեմինարներ կազմակերպած է հոգաբարձութիւններու յատուկ՝ մեր եկեղեցական կառոյցի մասին անոնց գիտակցութիւնը զարգացնելու։ Միաժամանակ, խրախուսիչ է տեսնել, որ փոխադարձ կերպով մեր համայնքները առհասարակ կը գնահատեն մեր ծրագրերը՝ «Մեծն Ներսէս», յուշատետր, անդամատուրք, «Միւզիքըլ Արմինիա», «Հիմնասիւներ», Գոհաբանութեան տօնախմբութիւն, երիտասարդական ծրագրեր, եւ այլն։ Հետեւաբար, փոխադարձ քաջալերանքը օրհնաբեր կ՚ըլլայ, մեզ կը մղէ գագաթէ գագաթ ճախրելու եւ յաղթական իրագործումներու նոր հորիզոններ ողջունելու։
3) Երրորդ եւ վերջին կէտով, կ՚ուզեմ շեշտել այն ճշմարտութիւնը, թէ Ամենակալ Տէրը, մեզ ստեղծելով Իր սեփական պատկերով եւ նմանութեամբ, մեր գոյութեան քարտէս մը կը պարգեւէ յստակ տեսլականով ու նպատակով, որ կ՚անդրանցնի ժամանակն ու միջոցը։ Տիեզերական Եկեղեցին կոչուած է լուսաւորելու, ներշնչելու եւ առաջնորդելու իր անդամները այս ուղղութեամբ։ Ազգային Առաջնորդարանը եւս, հաւատարիմ մնալով իր կոչումին, կարելիութեան սահմաններուն մէջ լաւագոյնս կը ջանայ իր ամբողջ մարդուժը համախմբել որպէս ուխտաւորներ՝ յաւիտենութեան ուղղուող Աստուծոյ քարտէսով ընթանալու, հետեւելով Քրիստոսին, որ է Ճանապարհը, Ճշմարտութիւնը եւ Կեանքը։ Այս կոչումը իրականացնելով, կը հաւատանք, թէ իսկապէս կրնանք Մարդուժի Տարուան հռչակումը արդարացնել, ամրապնդելով իւրաքանչիւր անդամի ու համայնքի դիմադրականութիւնը, ինչպէս եւ Սփիւռքի, Հայաստանի եւ Արցախի մէջ։
Ամենաբարին Աստուած թող մեզ միացնէ մեր հասարակաց նպատակին մէջ՝ Արդարութեան, եւ Բարգաւաճման ուղին բանալով Արարատ լերան ժողովուրդի եւ Մարդկութեան առջեւ։