Առաջնորդարանէն

Ս. ԳԻՐՔԻ ՍԵՐՏՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ԱՒԱՐՏԵՑԱՒ

Երեքշաբթի, 21 Մայիսին, վերջ գտաւ Ս. Գիրքի սերտողութիւնը, զոր կազմակերպած էր Ազգային Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքը։ Երեք նիստերէ բաղկացած առցանց սերտողութիւնը Յուդա Առաքեալի նամակին մասին, որ Նոր Կտակարանի ամենէն կարճ գրութիւններէն մէկն է, վարեց բաժանմունքի վարիչ՝ Բարշ. Շանթ Ա. Սրկ. Գազանճեան։ Շուրջ 70 հոգի մասնակցեցաւ ծրագրին։