ԳՈՀԱԲԱՆԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՌԱՋԻՆ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ԱՌԻԹՈՎ
Մայիս 28, 1918ին, հայ ժողովուրդի վճռակամութիւնն ու հերոսութիւնը կերտեց անոր հրաշալի յարութիւնը` Աստուծոյ հովանաւորութեամբ եւ խիզախ ու նուիրեալ ղեկավարութեան շնորհիւ։ 106 տարի ետք, այս ճակատագրական օրերուն, մայիսեան յաղթանակներու խորհուրդը կը մնայ ներշնչումի աղբիւր։
Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի հրահանգով, այս Կիրակի, 26 Մայիսին, Արեւելեան Թեմի եկեղեցիներուն մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան գոհաբանական մաղթանք եւ դրօշակի օրհնութիւն տեղի պիտի ունենայ: Հոգեհանգիստ պիտի մատուցուի Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի հերոսամարտերու եւ Արցախի պայքարի մերօրեայ նահատակներուն համար։
«Օրհնէ՛, Տէ՛ր, այս եռագոյն դրօշը։ Եւ այնպէս ինչպէս ջրհեղեղէն ետք Արարատ լերան վրայ ծիրանի գօտիով քու եւ մարդկութեան միջեւ ուխտ հաստատեցիր, հիմա ալ, սուրբ եւ հերոսական արիւնի հեղումէ ետք այս գեղեցիկ գոյներով դրօշը քեզի հետ կնքուած մեր ուխտին թող նշանը ըլլայ։
Օրհնէ՛, ո՜վ Տէր, մեր երկիրը, մեր Հայրենի երկիրը, ուր երանութեան դրախտը հաստատեցիր աշխարհի ստեղծագործութեան ժամանակ։ Դարերու ընթացքին անողոք թշնամին աւերակի վերածեց զայն, բայց այժմ քու ողորմութեամբդ եւ շնորհքի առատութեամբդ առաւել ծաղկեցուցիր զայն։ Մեր եկեղեցիները, վանքերը, դպրոցները եւ բարեսիրական հաստատութիւնները զարդարէ՛ յառաջդիմութեամբ եւ սրբութեամբ, եւ պահպանէ՛ զանոնք թշնամիներէն։ Օրհնէ՛ ինչ որ բարի է հոն, յատկապէս անուններուն առաջինը՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆ անունը» (Գոհաբանական մաղթանք Հայաստանի Հանրապետութեան համար, հատուած)։