Ս. ՀՌԻՓԻՄԷ, Ս. ԳԱՅԻԱՆԷ ԵՒ ՀՌԻՓՍԻՄԵԱՆՑ ԿՈՅՍԵՐԸ
Երկուշաբթի, 27 Մայիսին, եւ Երեքշաբթի, 28 Մայիսին, Հայաստանեայց Եկեղեցին կ՚ոգեկոչէ Հռիփսիմէ եւ Գայիանէ սուրբ կոյսերուն ու անոնց ընկերուհիներուն տօները։ Գայիանէի գլխաւորութեամբ, 33 կոյսեր Հռոմը լքեցին եւ Հայաստան ապաստան գտան, խոյս տալով հռոմայեցի կայսրէն, որ կը ցանկար կոյսերէն մէկուն՝ գեղանի Հռիփսիմէին։ Հայոց Տրդատ թագաւորը, իր կարգին, Հռիփսիմէի գեղեցկութենէն գերուած, ուզեց ամուսնանալ անոր հետ, բայց մերժուեցաւ։ Զայրացած թագաւորը Հռիփսիմէն եւ միւս կոյսերը բանտարկել ու չարչարել տուաւ մինչեւ մահ։
Երբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Խոր Վիրապէն դուրս ելաւ, մատուռներ կառուցեց կոյսերու աճիւններուն վրայ, որոնք նորոգուեցան Սահակ Պարթեւ կաթողիկոսին կողմէ՝ 4րդ դարու վերջերուն։ Կոմիտաս կաթողիկոսի 7րդ դարուն շինած Ս. Հռիփսիմէ եկեղեցին կը համարուի ճարտարապետական գլուխ գործոց մը, որ հայկական ճարտարապետութեան հետագայ ընթացքին վրայ ազդած է։ Կաթողիկոսը նաեւ հանրածանօթ «Անձինք նուիրեալք» շարականը գրած է կոյսերուն յիշատակին։
Ս. Հռիփսիմէ եւ Ս. Գայիանէ եկեղեցիները, ինչպէս եւ Ս. Շողակաթ եկեղեցին կը գտնուին Վաղարշապատ քաղաքը, ոչ հեռու՝ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի համալիրէն, որ ԻՒՆԵՍՔՕի կողմէ «Աշխարհի ժառանգութեան» վայր նշանակուած է։