ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՆՇԵՑ 65-ԱՄԵԱԿԸ
Կիրակի, 19 Մայիսին, Ռիճֆիլտի (Նիւ Ճըրզի) Սրբոց Վարդանանց եկեղեցին նշեց իր 65-ամեակը։ Ս. Պատարագէն տեղի ունեցաւ յոբելինական ճաշկերոյթը։
Հանդիսավարութիւնը կատարեցին Ժիրօ Մուրատեան եւ Նայիրի Տիրացուեան։ Հոգաբարձութեան անունով խօսք առաւ Լին Մահլեպճեան, որ անդրադարձաւ եկեղեցւոյ հարուստ պատմութեան եւ ունեցած դերին՝ անդամներու կեանքին մէջ։
Երիտասարդութեան անունով, խօսք առաւ Ռ. Ճ. Քէշիշեան։
Սիրան Չորպաճեան իր առինքնող երգով մեկնաբանեց Կոմիտաս Վարդապետի գործերէն։ Ռիճֆիլտի քաղաքապետ Ուկօ Խիմենէզ հռչակագիր մը ներկայացուց, եկեղեցւոյ 65-ամեայ ծառայութիւնը վեր հանելով։
Գնահատելով եկեղեցւոյ մատուցած անոնց ծառայութիւնը, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, աւագ սարկաւագութեան աստիճանով պարգեւատրեց սարկաւագներ Յարութ Թագւորեանը, Յակոբ Թէքէեանը եւ Կոստան Չարխըթեանը։ Պօղոս Մինոյեան, Հրայր Պարոնեան, Աւետիս Մովսէսեան եւ Վարդեվառ Քէշիշեան ստացան Ազգային Առաջնորդարանի գնահատագիրը համայնքին բերած իրենց ծառայութեան համար։
Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Գերպ. Տ. Սահակ Ծ. Վրդ. Եմիշեան, առողջական պատճառներով բացակայ Առաջնորդ Սրբազան Հօր բարեմաղթութիւնները եւ օրհնութիւնները հաղորդեց ներկաներուն։ Հ. Սահակ կարդաց Սրբազան Հօր շնորհաւորական պատգամը, ուր ան ընդգծած էր եկեղեցւոյ դերը իբրեւ Ազգային Առաջնորդարանի հիմնաքարը իր հաստատումէն ի վեր։