Մեր դպրոցներէն

Ս. ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏԻՑ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆԸ

Կիրակի, 19 Մայիսին, Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ (Փրաւիտընս, Ռոտ Այլընտ) տեղի ունեցաւ կիրակնօրեայ վարժարանի շրջանաւարտից հանդիսութիւնը։ Այս տարի, վարժարանը ունեցաւ չորս շրջանաւարտներ. Անի Տէրտէրեան, Անի Մանզօ, Պետրոս Զէյթունեան եւ Ճիճի Մուիլիլքվա։

Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Գաբրիէլ Քհն. Նազարեան, խօսք առաւ, յորդորելով շրջանաւարտները, որ այլ ձեւերով շարունակեն իրենց մասնակցութիւնը եկեղեցւոյ կեանքին մէջ։ Վարժարանի ութերորդ դասարանի ուսուցիչները՝ Ճէյսըն Սիմոնեան եւ Սթէյսի Խաչատուրեան, կոչ ուղղեցին աշակերտներուն, որ պահեն իրենց հետեւողականութիւնը հոգեւոր կեանքին մէջ։