Այսօր Սայաթ-Նովա կը վայելէ համազգային ճանաչում շնորհիւ զինք անյայտութենէն փրկող թիֆլիսահայ բժիշկի մը մտաւորական հետաքրքրութեան։
Գէորգ Ախվերդեան ծնած է 5 Յունիս, 1818-ին, Թիֆլիսի մէջ, զինուորական ընտանիքի մէջ։ 1834-ին աւարտած է Մոսկուայի Լազարեան ճեմարանը, իսկ 1839-ին՝ Մոսկուայի համալսարանի բժշկական բաժինը։ Համալսարանի երկրորդ դասարանին գրած ուսումնասիրութեան համար, Ախվերդեան հանդիսաւոր պայմաններու մէջ ստացած է աւարտական դասարանի յառաջադէմ ուսանողներու համար նախատեսուած ոսկեայ մետալը։
Իր բժշկական ասպարէզը սկսած է Կովկասի մէջ, 1839-1842-ին, որմէ ետք Ռուսաստանի պատերազմական նախարար, իշխան Ալեքսանդր Չերնիշեւի անձնական բժիշկը եղած է Փեթերպուրկի մէջ։ 1846 թուականէն սկսեալ, Թիֆլիսի մէջ փոխարքայի գրասենեակի պաշտօնեայ եղած է, իսկ յետոյ՝ մաքսատան մէջ արգելանոցի (quarantine) գործերու աւագ աստիճանաւոր։
Իր մասնագիտութեան զուգահեռ, Ախվերդեան գրական ու հանրային բազմակողմանի գործունէութիւն ունեցած է։ Զբաղած է բանասիրութեամբ, բարբառագիտութեամբ եւ պատմութեամբ։ Մասնակցած է Կովկասի ոսկիի արդիւնահանման նախագծի մշակման եւ ղեկավարած՝ կովկասեան ուսումնական շրանի դասագիրքեր հաստատող յանձնաժողովի հայոց լեզուի բաժինը։
Ախվերդեան հանդէս եկած է նաեւ համքարային (արհեստակցական) կազմակերպութիւններու պաշտպանութեամբ, ռուսերէն ուսումնասիրութիւն մը գրելով Թիֆլիսի համքարութիւններուն մասին (լոյս տեսած է յետմահու, 1882-ին)։
Ան հետարքրուած է հայ ժողովրդական բանահիւսութեամբ, հաւաքելով աշուղներու ստեղծագործութիւնները։ Հայ գրականութիւնը անոր կը պարտի Սայաթ-Նովայի ինքնագիր «Դաւթար»-ի յայտնաբերումը, որուն վերծանման ու հրատարակութեան նուիրուած է եռանդագին կերպով։ «Դաւթար»-ը կը պարունակէր 114 թրքերէն (ատրպէյճաներէն) երգ՝ հայկական տառերով գրուած, 46 հայերէն երգ՝ վրացական տառերով, եւ քանի մը վրացերէն երգեր։ Ախվերդեան վերծանած է հայերէն երգերը, մշակելով հնչիւնային տառադարձութեան յատուկ համակարգ մը անոնց գրառման համար։ Սայաթ-Նովայի նուիրուած հատորը լոյս տեսած է Մոսկուա, 1852-ին։ Հրատարակիչը մեծ աշուղի գործերուն կցած է ուսումնասիրութիւն մը Թիֆլիսի բարբառի մասին, որ փաստօրէն հանդիսացած է հայ բարբառագիտութեան հիմնադրութիւնը։ Ծանօթագրութիւններուն մէջ, բացատրած է փոխառեալ ու անհասկնալի բառերը եւ բարբառային քերականական ձեւերն ու իրողութիւնները։
Ախվերդեան հրատարակած է նաեւ 18-րդ դարու հայ վաճառական ու զինուորական Պետրոս դի Սարգիս Գիլանենցի օրագրերը՝ Ջուղայի բարբառի ուսումնասիրութեամբ (1861)։
Տաղանդաւոր այս մտաւորականը մահացած է 17 Նոյեմբեր 1861-ին, Թիֆլիսի մէջ, 44 տարեկանին։ Անոր հաւաքած հայ աշուղական երգերու երկրորդ հատորը լոյս տեսած է 1903 թուականին, աղջկան՝ Մանէ Ախվերդեանի հրատարակութեամբ։