Մեր դպրոցներէն

«ՄՈՒՐԱՏ» ԱԶԳ. ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍԸ

Կիրակի, 19 Մայիսին, «Մուրատ» ազգային վարժարանը (Փրաւիտընս, Ռոտ Այլընտ) իր ամավերջի հանդէսը ունեցաւ Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ «Արամեան» լսարանին մէջ։ Ձեռնարկին ներկայ էին հոգեւոր հովիւը՝ Արժպ. Տ. Գաբրիէլ Քհն. Նազարեան եւ երէցկին Տեպրա, հոգաբարձութեան անդամներ, եկեղեցւոյ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, ծնողներ, մեծ հայրեր ու մայրեր եւ տոքթորներ Արա եւ Պեթի Սատանեանց։

Օրհներգերու մեկնաբանութենէն ետք, համատնօրէնուհի Լալա Աթթարեան բարի գալուստ մաղթեց բոլորին, շեշտելով այս հանդէսին կարեւորութիւնը։

Հայերէն այբուբենին ու հայոց լեզուին նուիրուած երգերու եւ արտասանութիւններու շարք մը ներկայացուեցաւ, ղեկավարութեամբ երաժշտութեան ուսուցիչ՝ Ռաֆֆի Ռշտունիի։ Աշակերտ Նայիրի Գոռիվօ նուագեց «Կիլիկիա»՝ բոլոր աշակերտներու երգեցողութեամբ։

Համատնօրէնուհի Ճուն Մանկասարեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ուսուցիչներուն իրենց անձնուէր ջանքին համար, յատկապէս յիշելով Անժէլ Գոզինեանին, որ աւելի քան 30 տարուան դպրոցական վաստակ ունի։ Ան յատուկ պարգեւի մը արժանացաւ դպրոցին կողմէ։

Դպրոցի խնամակալ մարմնի ատենապետ՝ Յակոբ Խաչատուրեան, շնորհակալութիւն յայտնեց համատնօրէններուն, ուսուցիչներուն, ծնողներուն, անհատներուն եւ կազմակերպութիւններուն, որոնք սատար հանդիսացած են դպրոցի յաջողութեան։  Ան յիշեցուց ներկաները Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի «Մարդուժի տարուան» հռչակագրի մասին, որ վաւերականօրէն կը կապուի դպրոցի 90-ամեայ առաքելութեան հետ։

Շրջանաւարտներ Արփի Տօնոյեան եւ Նորա Դարբինեան, որոնք դպրոցին կը ծառայեն իբրեւ ուսուցիչներ, ստացան «Մակի Նալպանտեան» կրթաթոշակը, որ 14 տարի առաջ հաստատուած էր տոքթորներ Արա եւ Պեթի Սատանեանցի կողմէ՝ համալսարան յաճախելու պատրաստուող դպրոցի արժանաւոր շրջանաւարտներու համար, ինչպէս նաեւ «Արաքսի Արզումանեան եւ Անահիտ Քիպարեան» կրթաթոշակը յաճախող աշակերտներու համար։ Չորս աշակերտներ՝ Տոնովըն Յակոբեան, Ռէլին Հոլ, Նաթալի Քէշիճեան եւ Կրեկըրի Լորա, մանկապարտէզի վկայականներ ստացան։

Իր փակման խօսքին մէջ, Տէր Հայրը շնորհաւորեց տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին, շրջանաւարտներուն եւ մեծարեալներուն, քաջալերելով «Մուրատ» վարժարանը, որ շարունակէ հայեցի դաստիարակութիւն ջամբելու իր առաքելութիւնը՝ վառ պահելով հիմնադիրներուն փոխանցած ջահը։