ՏՕՆ ՍՈՒՐԲ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԿԱՐԱՊԵՏԻ
Այսօր, 30 Մայիս, Ս. Յովհաննէս Կարապետի տօնն է։ Ս. Յովհաննէս Կարապետ կարեւոր դեր մը կը խաղայ չորս Աւետարաններուն մէջ։ Ան կապուած է Յիսուսի առաքելութեան սկզբնաւորութեան հետ ու կը համարուի Մեսիա Յիսուսի «նախակարապետ»ը։ Մկրտած է իրենց մեղքերէն ապաշխարողները եւ քարոզած գալուստը անոր, որ իրմէ աւելի մեծ պիտի ըլլար եւ որ պիտի մկրտէր ո՛չ թէ ջուրով, այլ Սուրբ Հոգիով։ Մատթէոսի Աւետարանի երրորդ գլուխին մէջ կը կարդանք, թէ Յովհաննէս կը դժկամակի մկրտել Յիսուսը, բայց կը խոնարհի Անոր կամքին առջեւ։ Հայց. Եկեղեցին Ս. Յովհաննէս Կարապետը կը նկատէ Յիսուսի առջեւ երեք գլխաւոր միջնորդներէն մէկը՝ Աստուածամօր եւ Ս. Ստեփանոս Նախավկայի հետ։