Առաջնորդարանէն

ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ՎԱՐԺԸՆԹԱՑՔԸ ՍԿՍԱՒ

Երկուշաբթի, 3 Յունիսին, Յակոբ Քէչէճեան սկսաւ վեց շաբթուան վարժընթացքի (internship) ծրագիրը Ազգային Առաջնորդարանին մէջ, ուր գլխաւորաբար պիտի աշխատի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչ՝ Բարշ. Շանթ Ա. Սրկ. Գազանճեանի հետ եւ պիտի ծառայէ «Ս. Գրիգոր Տաթեւացի» լսարանին։ Ան պիտի ծանօթանայ նաեւ Առաջնորդարանի աշխատանքներուն։

«Ս. Գրիգոր Տաթեւացի» լսարանի շրջանաւարտ Յակոբ Քէչէճեան ներկայիս կը ծառայէ իբրեւ ուրարակիր Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ (Ուոթըրթաուն, Մէսէչուսէթս)։