Լուրեր

ԱՄԵՐԻԿԱՀԱՅ ՀԵՐՈՍՒ ՄԸ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ՝ D-DAY-Ի 80-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌՒԹՈՎ

Հինգշաբթի, 6 Յունիսին, աշխարհը կը նշէ ծովային մեծագոյն ներխուժման 80-ամեակը։ 1944-ի այդ օրը, որ պատմութեան անցած է D-Day անունով, աւելի քան 156.000 ամերիկեան, անգլիական եւ գանատական զօրքեր ցամաքահանուած են Ֆրանսա՝ Եւրոպան ազատագրելու նացիական լուծէն։ Իբրեւ խորհրդանիշ այդ օրը ծառայած զինուորներուն, այստեղ կը յիշենք առաջին տեղակալ Վարատ Վարատեանը (Գրանսթըն, Ռոտ Այլընտ), որ վիրաւոր ըլլալով հանդերձ, իր հերոսական արարքներուն համար հետագային ստացած է երկու շքանշաններ։ Վերադառնալէ ետք, շարունակած է իր գործօն մասնակցութիւնը բերել ամերիկահայ համայնքին իբրեւ Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ (Փրաւիտընս) հոգաբարձութեան ատենապետ, Արեւելեան Թեմի Ազգային  Վարչութեան անդամ եւ Հ. Յ. Դաշնակցութեան անդամ։