Առաջնորդարանէն, Մեր դպրոցներէն

«ՍԻԱՄԱՆԹՕ» ԼՍԱՐԱՆԻ ԱՌՑԱՆՑ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏԻՑ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

1981էն ի վեր, Ազգային Ուսումնական Խորհուրդի «Սիամանթօ» լսարանը հայոց լեզու, հայոց պատմութիւն, հայ մշակոյթ  ու հայեցի դաստիարակութիւն կը ջամբէ 13 – 18 տարեկան պատանիներու։

«Սիամանթօ» լսարանի 2023-24 տարեշրջանի շրջանաւարտից առցանց հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 1 Յունիսին։ Օրուան հանդիսավարն էր Ուսումնական Խորհուրդի վարիչ տնօրէնուհի՝ տիկ. Հերա Մախուլեան։ Բարի գալուստի խօսքէն ետք, հանդիսութիւնը սկսաւ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի աղօթքով։ Խօսք առին «Սիամանթօ» Լսարանի տնօրէնուհի՝ տիկ. Անի Ներսէսեան, Ուսումնական Խորհուրդի ատենապետուհի՝ տիկ. Հուրի Պոյամեան, եւ Ազգային Առաջնորդարանի դիւանապետ՝ դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր շնորհաւորանքի եւ քաջալերանքի խօսքը յայտնեց շրջանաւարտ պատանիներուն, նաեւ յոյժ գնահատեց անոնց ծնողները, որոնք զիրենք առաջնորդած էին դէպի «Սիամանթօ» լսարան, քաջ գիտակցելով Սփիւռքի մէջ նման ծրագիրներու մասնակցելու կարեւորութիւնը։ Ան նաեւ վեր առաւ Ուսումնական Խորհուրդի եւ վարիչ տնօրէնուհիի աշխատանքը, որ նախանձախնդրութեամբ  որակաւոր ծրագրեր կը մշակէ մեր նորահաս սերունդի դաստիարակութեան համար։

 

Այս տարի, լսարանը տուած է ութ շրջանաւարտ աշակերտներ՝ Մարալ Աբրահամեան, Քաթրինա Արուեստեանը, Ցոլին Բարսեղեան, Արեգ Լամպըրթ, Նորա Յարութիւնեան, Սեւակ Տիւքէնճեան, Վարդինէ Քէչէճեան եւ Ցոլին Ֆիշըը։

Իրենց սրտի խօսքերով, աշակերտները իրենց երախտագիտութիւնն ու շնորհակալութիւնը յայտնեցին պատասխանատու մարմիններուն եւ ուսուցչակազմին։ Սրբազան Հօր պահպանիչով փակուեցաւ հանդիսութիւնը։

Ուսումնական Խորհուրդը կը շնորհաւորէ շրջանաւարտները եւ կը մաղթէ որ իրենց ստացած գիտելիքները բաժնեն իրենց շրջապատին հետ։ Յատուկ շնորհակալութեան խօսք կ՚ուղղէ նաեւ նուիրեալ եւ տաղանդաւոր ուսուցիչներուն՝ տիկ. Լենա Նազարեանին եւ պարոններ Ռաֆֆի Ռշտունիին եւ Արթիւր Աթոյեանին, որոնք ճիգ չխնայեցին լաւագոյն ուսումը փոխանցելու մեր պատանիներուն։