Առաջնորդարանէն

ԳԵՐԱՊԱՏԻՒ Տ. ՀՐԱՆԴ Ծ. ՎՐԴ. ԹԱՀԱՆԵԱՆ՝ ՈՒՈԹԸՐԹԱՈՒՆԻ Ս. ՍՏԵՓԱՆՈՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՆՈՐ ՀՈԳԵԻՈՐ ՀՈՎԻՒ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա․Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ, Գերպ. Տ. Հրանդ Ծ. Վրդ. Թահանեան ծառայութեան առաքուեցաւ Արեւելեան Թեմ։ Ազգային Վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովներու որոշումով, Հայր Սուրբը Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ (Ուոթըրթաուն, Մէսէչուսէթս) հոգեւոր հովիւ նշանակուեցաւ, փոխարինելով  Արժպ. Տ. Անդրանիկ Ա. Քհն. Պալճեանը, որ հանգստեան կոչուած է  գրեթէ կէս դարու արժանավայել ծառայութենէ ետք, նախ իբրեւ հոգեւոր հովիւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ (Ինտիըն Օրչըրտ, Մէսէչուսէթս), իսկ ապա՝ Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ, վերջին 30 տարիներուն։ Տ. Հրանդ Ծ. Վրդ. Թահանեանի պաշտօնակալութիւնը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 9 Յունիսին, յընթացս Ս. Պատարագի, մասնակցութեամբ Գերպ. Տ. Արտակ Ծ. Վրդ. Արապեանի՝ հոգեւոր հովիւ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ (Ուստր, Մէսէչուսէթս) եւ ատենապետ Կրօնական Ժողովի, յանուն Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի։

Գերպ. Տ. Հրանդ Ծ. Վրդ. Թահանեան, աւազանի անունով՝ Յովհաննէս, ծնած է Մոնթրէալ, 10 Նոյեմբեր, 1987-ին, Հայոց Ցեղասպանութեան վերապրողներու շառաւիղներու ընտանիքի մը մէջ։ Շրջանաւարտ եղած է Ս. Յակոբ ազգային վարժարանին, 2005ին, բարձրագոյն ուսման հետեւելով Մոնմորանսի գոլէճին մէջ։ Գիտութեան ճիւղէն շրջանաւարտ ըլլալէ ետք, յաճախած է Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքը, եւ կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած՝ 2010-ին։

Կաթողիկոսարանին մէջ տարբեր պաշտօններ վարելէ ետք, 2012-2017-ին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ (Վանքուվըր, Գանատա) հոգեւոր հովուութիւնը վարած է։ Միաժամանակ, աստուածաբանութեան մագիստրոսի տիտղոսը ստացած է Պրիթիշ Գոլումպիայի համալսարանէն՝ “Speciesism: The Primordial Sin / A Study of rdh and Lynn White’s Article from an Orthodox Perspective” խորագրուած աւարտաճառով։ 2015-ին վարդապետ ձեռնադրուած է՝ աւարտաճառ մը պաշտպանելէ ետք Եղիշէ եպս. Կարոյեանի ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Սահակ Բ. Կաթողիկոսի թղթակցութեան մասին (1921-1931), իսկ 2021-ին ծայրագոյն վարդապետի աստիճանը ստացած է։

2017-ին վերադառնալով Անթիլիաս, Կաթողիկոսարանի միջ-եկեղեցական եւ միջ-կրօնական բաժանմունքի վարիչ նշանակուած է, մեր եկեղեցին ներկայացնելով զանազան միջ-եկեղեցական մարմիններու եւ երկխօսութիւններու, իսկ 2022-ին վերընտրուած է Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ։ 2024-ին նշանակուած է նոյն Խորհուրդի խումբերէն մէկուն («Ցեղապաշտութեան, օտարատեացութեան, արտօնեալ դասակարգերու պահպանման եւ խտրականութեան բոլոր ձեւերու յաղթահարում») համա-համակարգող։

Յաջողութիւն կը մաղթենք Գերպ. Տ. Հրանդ Ծ. Վրդ. Թահանեանին ծառայական իր նոր անդաստանէն ներս, ի բարգաւաճում Ս. Ստեփանոսի ծուխին, ի պայծառութիւն Հայ Եկեղեցւոյ եւ ի փառս Աստուծոյ։ Կրօնական Ժողովը իր երախտագիտութիւնը կը յայտնէ Արժպ. Տ. Անդրանիկ Ա. Քհն. Պալճեանին իր երկարամեայ նուիրումին համար՝ ի ծառայութիւն մեր հաւատացեալներուն եւ Արեւելեան Թեմին։