ԱՐԺՊ. Տ. ՆԱՐԵԿ Ա. ՔՀՆ. ՓԵՀԼԻՎԱՆԵԱՆ (1943-2024)
Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, եւ Ազգային Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական Ժողովները ցաւով իմացան Թեմիս անցեալին ծառայած հոգեւորականներէն մէկուն` Արժպ. Տ. Նարեկ Ա. Քհն. Փեհլիվանեանի վախճանումը, որ տեղի ունեցած է 13 Մայիսին, Լոս Անճելըսի մէջ, յետ երկարատեւ հիւանդութեան: Վերջին օծումն ու թաղման կարգը տեղի ունեցած են 23 Մայիսին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ (Կլենտէյլ), իսկ թաղումը՝ Ֆորըսթ Լօն գերեզմանատան մէջ (Հոլիվուտ Հիլզ)։
Տ. Նարեկ Ա. Քհն. Փեհլիվանեան ծնած է Հայաշէն, Պէյրութ, 1943-ին։ Շարականներու շունչով հասակ առնելով, ձեռնադրուած է դպիր ու սարկաւագ, հաւատարմօրէն ծառայելով Հայ Եկեղեցւոյ: Աւելի ուշ, 1986-ին քահանայ ձեռնադրուած է, ձեռամբ Տ. Արտաւազդ Արք. Թրթռեանի։
Իր հովուական ծառայութիւնը սկիզբ առած է 1986-ին, Լառնաքայի (Կիպրոս) Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ: 1990-ին, ընտանեօք փոխադրուած է Միացեալ Նահանգներ ու ծառայած է Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի թեմին, նախ իբրեւ Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ (Նիւ Պրիթըն, Քընէթիքըթ, 1990-1993), ապա Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ (Վէնքուվըր, Գանատա): 1996-ին, Տէր Հայրը հաստատուած է Լոս Անճելըս իր ընտանիքով։ Գալիֆորնիոյ մէջ, հանգուցեալ քահանան հովուական պաշտօններ վարած է Ս. Քառասնից Մականց (Օրէնճ Քաունթի), Ս. Սարգիս (Փասատինա), Ս. Խաչ (Մոնթեպելլօ) եւ Նորթ Հոլիվուտի եկեղեցիներուն մէջ:
Շուրջ տասը տարի մաս կազմած է Արեւելեան Թեմի անձնակազմին, եւ միաժամանակ իբրեւ այցելու պատարագիչ՝ գործած է Առաջնորդարանի հովանին վայելող հեռաւոր ծուխերու մէջ:
Այս տխուր առիթով, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, յանուն Կրօնական ու Քաղաքական Ժողովներուն, ցաւակցութիւն կը յայտնէ երէցկին Շողիկ Փեհլիվանեանին, զաւակներուն՝ Ֆիլիփին, Հուրիին եւ Յարութին ու իր տիկնոջ եւ թոռան, ինչպէս եւ ընտանեկանբ պարագաներուն։
Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի։