Ի ՅԻՇԱՏԱԿ

ՏԻՐԱՀԱՅՐ ՅՈՎՍԷՓ ԱՐԱՊԵԱՆ (1956-2024)

Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, եւ Ազգային Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական Ժողովները ցաւով իմացան, որ Ուրբաթ, 7 Յունիսին, իր մահկանացուն կնքած է Ուստրի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ եւ Կրօնական Ժողովի ատենապետ՝ Գերպ. Տ. Արտակ Ծ. Վրդ. Արապեանի հայրը՝ պրն. Յովսէփ Արապեան, 68 տարեկանին։ Յուղարկաւորութիւնն ու թաղումը տեղի ունեցած են Երկուշաբթի, 10 Յունիսին, Քեսապի մէջ։

Հանգուցեալը շինարար էր ասպարէզով եւ կատարած է Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ վերանորոգումը, ինչպէս եւ ՀՄԸՄ-ի, ՀԲԸՄ-ի եւ ՀՄՄ-ի բանակավայրերու  շինարարութիւնը։

Այս տխուր առթիւ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը՝ Կրօնական ու Քաղաքական Ժողովներու անունով, իր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնէ Գերապատիւ Հայր Սուրբին եւ անոր բոլոր ընտանեկան պարագաներուն։

Աստուած հոգին լուսաւորէ։