Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ՖՐԱՆՍԻՍ ՊԱՊԻՆ ՀԵՏ
Չորեքշաբթի, 12 Յունիսին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Վատիկանի մէջ հանդիպում ունեցաւ Նորին Սրբութիւն Ֆրանսիս Պապին հետ:
Հանդիպման ընթացքին տեսակէտներու փոխանակում տեղի ունեցաւ Վեհափառ Հայրապետին կողմէ առաջարկուած հետեւեալ կէտերուն շուրջ.
ա) Միջ-եկեղեցական յարաբերութիւններու առաւել ծաւալումն ու յարաբերութիւնը գործակցութեան վերածելու հրամայականը:
բ) Սուրբ Յարութեան տօնը բոլոր եկեղեցիներուն կողմէ միասնաբար նոյն թուականին նշելու հարցը:
գ) Երրորդ Վատիկանի ժողով մը գումարելու անհրաժեշտութիւնը՝ գործօն ներկայութեամբ ոչ-կաթոլիկ եկեղեցիներուն:
դ) Լիբանանի մէջ քրիստոնեայ-իսլամ համակեցութեան ամրապնդումը եւ նոր նախագահի ընտրութիւնը:
ե) Ատրպէյճան գտնուող հայ քաղաքական բանտարկեալներու շուտափոյթ ազատ արձակումը:
զ) Արցախի հայութեան վերադարձը իր պապենական հողերը՝ միջազգային երաշխաւորութեամբ:
Վեհափառ Հայրապետը հրաւիրուած էր դասախօսութիւն տալու «Կրօնի դերը աշխարհաքաղաքականութեան մէջ» նիւթին շուրջ Վատիկանի Արեւելեան համալսարանին մէջ։ Անոր կ՚ընկերակցէր Կաթողիկոսարանի Միջին Արեւելքի միջ-եկեղեցական եւ քրիստոնեայ-իսլամ յարաբերութեանց բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեան:
Դասախօսութիւնը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 11 Յունիս֊ին, կազմակերպութեամբ Վատիկանի Արեւելեան համալսարանին, Կրէկորեան համալսարանի եւ Լիբանանի դեսպանատան: Վեհափառ Հայրապետին դասախօսութենէն առաջ յաջորդաբար խօսք առին համասարանի տնօրէնը՝ Հ. Մարք Լուիս, Վատիկանի մօտ Լիբանանի դեսպան՝ Ֆարիտ Էլ Ղազան, եւ Վատիկանի միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց բաժանմունքի նախագահ կարտինալ Քուրթ Քոխը։ Անոնք անդրադառնալէ ետք Վեհափառ Հայրապետի կենսագրական գիծերուն, շեշտեցին, թէ ան միջազգային դէմք մըն է իր ունեցած տարիներու փորձառութեամբ, հեղինակած գիրքերով եւ համագումարներու մասնակցութեամբ։
Նորին Սրբութիւնը նախ պարզեց հին դարերէն սկսեալ կրօնի առանցքային դերը աշխարհաքաղաքականութեան մէջ: Յիշելէ ետք թէ կրօնքի դերը փոխուած է պատմութեան ընթացքին աշխարհաքաղաքական պայմաններու փոփոխութեան զուգահեռ, ան ընդգծեց միաստուածեան կրօններու (հրէութիւն, քրիստոնէութիւն, իսլամութիւն) կեդրոնական դերը յատկապէս Եւրոպայի եւ Միջին Արեւելքի քաղաքական, մշակութային եւ ընկերային մարզերէն ներս:
Վեհափառ Հայրապետը, կեդրոնանալով Միջին Արեւելքի մէջ կրօնի իւրայատուկ դերին վրայ, անդրադարձաւ հաւատքի ու բանականութեան տարբեր մօտեցումներուն միաստուածեան կրօններու կողմէ, կրօնի ու քաղաքականութեան իւրայատուկ յարաբերութեան եւ կրօնի միաւորող եւ բաժանարար դերին,
Վերոյիշեալ երեք երեւոյթներուն անդրադառնալէ ետք, Վեհափառ Հայրապետը յիշեց ու վերլուծեց կարգ մը կէտեր, որոնք պէտք է կազմեն կրօնի իւրայատուկ դերը ներկայ ընկերութեան ու յատկապէս Միջին Արեւելքի մէջ, ինչպէս փոխադարձ վստահութեան ամրապնդումը, խաղաղութեան հաստատումը արդարութեան հիմամբ, կրօնի կենսական դերը ընկերութեան մէջ, պայքարը արմատական շարժումներու դէմ, կրօնի առանցքային դերը տագնապներու կանխազգուշացման մէջ։
Իր խօսքի աւարտին, անդրադառնալով Միջին Արեւելքի ներկայ փոթորկալից կացութեան, Վեհափառ Հայրապետը յիշեցուց, թէ կրօնը Միջին Արեւելքի ընկերութեան պատմութեան ու ներկայ կեանքին մէջ իր եզակի դերակատարութեամբ կրնայ կարեւոր նպաստ բերել հարցերու լուծման, խաղաղ գոյակցութեան ամրապնդման եւ փոխադարձ վստահութեան ծաւալման: Վեհափառ Հայրապետը առաջարկեց, որ երեք կրօններու բարձրագոյն ներկայացուցիչները հանդիպին Երուսաղէմի մէջ, ուր պատմականօրէն ամրագրուած է անոնց ներկայութիւնը, եւ խաղաղութեան կոչ ուղղեն:
Դասախօսութեան ներկայ էին Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Պատրիարք, այլ առաքելութեամբ Հռոմ ժամանած Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց, Քաթարի եւ շրջակայից հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Արք. Սարգիսեանը, համալսարաններու դասախօսներ, դեսպաններ եւ Վատիկանի զանազան բաժանմունքներու պատասխանատուներ: