ԱՆՏՈՆԻ ՔՐԱԹՖ-ՊՈՆԱՐ (ծնունդ՝ 15 Յունիս, 1869)
Անթոնի Քրաֆթ-Պոնարի անունը նուազ հռչակաւոր է, քան ուրիշ եւրոպացի հայասէրներու պարագային, բայց փաստ է, որ ան եղած է հայկական մարդասիրական ու քաղաքական դատերու երկարամեայ պաշտպան մը Զուիցերւոյ մէջ։
Ծնած է 15 Յունիս, 1869-ին Էկլի մէջ (Վօտ գաւառ, Զուիցերիա)։ Ուսումը ստացած է Լօզանի ազատ եկեղեցւոյ աստուածաբանութեան դպրոցին մէջ, ուր հանդիպած է կնոջ, որ աջ բազուկը եղած է հայանպաստ աշխատանքներու ընթացքին։
1896 թուականին Լօզանի մէջ կազմակերպած է զուիցերիական գաւառներու հայանպաստ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու ժողով մը, որ որոշած է կեդրոնական կազմակերպութիւն մը հիմնել եւ անհրաժեշտ օգնութիւն ցուցաբերել Օսմանեան Կայսրութեան հայ բնակչութեան։ Այդ առիթով ստեղծուած է Հայերու Օգնութեան Զուիցերիական Կազմակերպութիւնը, որ գոյատեւած է մինչեւ 1922։
1896 թուականէն ի վեր Քրաֆթ-Պոնար եղած է հայ որբերը ընդունող եւ պատսպարող զուիցերիական ընկերութեան ղեկավարը, եւ Սեբաստիոյ մէջ շէնք մը ձեռք բերած է հայ որբերու համար։ 1898-1922-ին շուրջ 2 հազար հայ որբեր կրթուած ու դաստիարակուած են զուիցերիական որբանոցներուն մէջ։ Ժընեւի մօտ՝ Պենիէն գիւղին մէջ հայ որբերու համար բացած է «Հայ Տուն»ը, 1921-ին։ Այս նախակրթարանը հայոց լեզուի, մշակոյթի եւ աւանդութիւններու կազմաւորում տուած է հայ որբերուն՝ հայ ուսուցիչներու դասաւանդութեամբ։ Դպրոցը կը գործադրէր նաեւ զուիցերիական հանրային դպրոցներու ծրագիրը։
1918 – 1923 թուականներուն ան բազմիցս դիմած է մեծ պետութիւններու ղեկավարներուն, իբրեւ կիզակէտ ունենալով հայ ժողովուրդի ճակատագիրը։ 1920 թուականէն եղած է Հայասէրներու Միջազգային Լիկայի գործադիր կոմիտէի անդամ։ Լօզանի դաշնագրէն (1923) ետք, Քրաֆթ-Պոնար քանիցս դիմած է Ազգերու Ընկերութեան, որպէսզի Հայկական Հարցի պաշտպանութիւնը ստանձնէ։ Հեղինակած է շուրջ քսանեակ մը ֆրանսերէն հատորներ Հայկական Հարցի եւ մարդասիրական օգնութեան վերաբերեալ։
Քրաֆթ-Պոնար մահացած է 14 Հոկտեմբեր, 1945-ին, Ժընեւի մէջ։