ԱՍՏՈՒԱԾԱՄՕՐ ՏՈՒՓԻ ԳԻՒՏԻ ՏՕՆԸ

Աստուածամօր տուփի գիւտին առթած ուրախութիւնը մեծ եղած է իր ժամանակին։ Այս Կիրակի, 23 Յունիսին, տօնն է Աստուածամօր տուփի յայտնաբերման։ Անոր անձնական ունեցուածքը կը նկատուի յարգանքի առարկայ։ Եկեղեցւոյ գոյութեան առաջին շրջանին, երբ քրիստոնեաները հալածանքի կ՛ենթարկուէին, Աստուածամօր մասունքները կը պահուէին սրբօրէն ու գաղտնի։