Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ԱՋԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԴԻՄԵՑ ԱՐՑԱԽԻ ԵՒ ԳԵՐԻՆԵՐՈՒ ՀԱՐՑՈՎ
12 Յունիսին Վատիկանի մէջ Ֆրանսիս Պապին հետ ունեցած իր հանդիպման ընթացքին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը նախ իր ջերմ շնորհակալութիւնը յայտնեց անցնող շրջանին Արցախի հարցին գծով անոր ցուցաբերած զօրակցութեան համար, միաժամանակ խնդրելով, որ նոյն զօրակցութիւնը շարունակուի Արցախի հայութեան միջազգային երաշխաւորութեամբ Արցախ վերադառնալու եւ Ատրպէյճանի մէջ գտնուող հայ բանտարկեալներուն շուտափոյթ ազատ արձակման գծով: Վերոյիշեալ հարցերուն շուրջ, Վեհափառ Հայրապետը նաեւ խօսեցաւ Վատիկանի արտաքին գործոց նախարար կարդինալ Փօլ Կալակըրի եւ արեւելեան կաթոլիկ եկեղեցիներու գրասենեակի պատասխանատու կարդինալ Գլաուտիօ Կուժերոթիի հետ:
Վատիկան կատարած իր միօրեայ այցելութեան ընթացքին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս յաջորդական հանդիպումներ ունեցաւ Վատիկանի հետեւեալ բաժանմունքներու բարձրաստիճան պատասխանատուներուն հետ.
ա) Վատիկանի վարչապետը նկատուող կարդինալ Փիէթրօ Փարոլինի բացակայութեան, Վատիկանի արտաքին գործոց նախարար կարդինալ Փօլ Կալակըրի հետ: Քննարկուեցան յատկապէս Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ դժուարութիւնները եւ Ատրպէյճան գտնուող հայ քաղաքական բանտարկեալներու հարցը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը:
բ) Միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց բաժանմունքի նախագահ կարտինալ Քուրթ Քոխի հետ: Անդրադարձ կատարուեցաւ ընդհանրապէս միջ-եկեղեցական շարժումին դիմագրաւած ներկայ մարտահրաւէրներուն եւ յատկապէս Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ ու արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու միջեւ գոյութիւն ունեցող աստուածաբանական երկխօսութեան:
գ) Արեւելեան կաթոլիկ եկեղեցիներու բաժանմունքի պատասխանատու քարտինալ Կուճերոթիի հետ: Քննարկուեցաւ միջին արեւելեան երկիրներու մէջ հաստատուած կաթոլիկ եկեղեցիներու եւ ուղղափառ ու բողոքական եկեղեցիներու գործակցութիւնը եւ ընդհանրապէս քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան առնչուած հարցեր: Դարձեալ անդրադարձ կատարուեցաւ Արցախի ժողովուրդին միջազգային հովանաւորութեամբ վերադարձին եւ Ատրպէյճանի գտնուող հայ բանտարկեալներու ազատ արձակման:
դ) Հաւատք եւ դաւանանք բաժանմունքի պատասխանատու կարդինալ Վիքթոր Ֆերնանտէզի հետ: Քննարկուեցաւ աստուածաբանութիւնը վերարժեւորումի ենթարկելու կարեւորութիւնը՝ ներկայ ժամանակներու մարտահրաւէրներու լոյսին տակ:
Վատիկան կատարած իր կարճ այցելութեան ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը հիւրը եղաւ հայ կաթողիկէ պատրիարք Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Հոգեւոր Տիրոջ, որ ի պատիւ Նորին Սրբութեան ընթրիք մը տուաւ Լեւոնեան վարժարանին մէջ։ Հայրապետին ի պատիւ նաեւ ընթրիք սարքեցին Վատիկանի մօտ Լիբանանի դեսպան Ֆարիտ Ալ-Խազէնը եւ կարդինալ Քոխը:
Հանդիպումներու ընթացքին Նորին Սրբութեան կողքին էին այլ առաքելութեամբ Հռոմ գտնուող Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց, Քաթարի եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Արք. Սարգիսեան եւ Կաթողիկոսարանի միջ-եկեղեցական ու իսլամ-քրիստոնեայ յարաբերութեանց պատասխանատու Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեան:
Վեհափառ Հայրապետը երկար տարիներու անձնական բարեկամական կապեր ունի Ռուս Եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Քիրիլ Պատրիարքի հետ։ Շաբաթներ առաջ անոր ուղղած իր նամակին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը Պատրիարքին առաջարկած էր, որ միջամտէ, որպէսզի Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին իր կարգին աշխատանք տանի Ատրպէյճան գտնուող հայ քաղաքական բանտարկեալներու ազատ արձակման, ինչպէս նաեւ հոգեւոր ու մշակութային հարստութեանց ու ժառանգութեանց պահպանման համար: