Առաջնորդարանէն

ՏՈՔԹ. ԺԱՆԷԹ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՁԵՌՆԱՐԿ

Կիրակի, 2 Յունիսին, նորոգ հանգուցեալ տոքթ. Ժանէթ Մարգարեանի կեանքին նուիրուած ձեռնարկ մը գործադրուեցաւ Նիւ Եորքի Weill Cornell Medicine-ի մէջ։

Յայտագրին բացումը կատարեց հանգուցեալի ամուսինը՝ դոկտ. Հրանդ Մարգարեան, որ կարդաց կեանքի ու մահուան խորհուրդը հարցադրող իր բանաստեղծութիւնը։

Տոքթ. Ժանէթ Մարգարեանի որդին՝ Կամք Մարգարեան, կարդաց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի եւ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի յղած ուղերձները, որոնք վեր կ՚առնէին հանգուցեալի բարեմասնութիւններն ու արժանիքները։ Արժպ. Տ. Մեսրոպ Քհն. Լագիսեան՝ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ, իր խոհերը բաժնեց ներկաներուն հետ։

Ձեռնարկի ընթացքին խօսք առին տոքթ. Էյմի Չէտպըրն՝ Weill Cornell Medicine-ի ախտաբանութեան դասախօս, տիկ. Արուսեակ Մուրատեան-Մելքոնեան՝ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետուհի, տիկ. Սոնիա Պզտիկեան, օր. Նաթալի Գաբրիէլեան եւ տիկ. Արեւիկ Գաբրիէլեան՝ Համազգայինի Կեդր. Վարչութեան անդամ։ Հանգուցեալի թոռը՝ Մատթէոս Մեսչեան, իր զգացումները արտայայտեց մեծ մօր մասին։

Գեղարուեստական յայտագրին մասնակցեցան Յասմիկ Մէյխանէճեան (մեձձօ-սոփրանօ), տոքթ. Մարգարեանի թոռնուհին՝ Սարին Մեսչեան (թաւջութակ), եւ Անի Գալայճեան (թաւջութակ)։

Յայտագրի աւարտին ընթերցուեցան տոքթ. Մարգարեանի նկարագրէն մեկնած երկու բանաստեղծութիւններ, զորս գրած էին Այլա Փասքալ Ռիչարտսըն եւ Քլէր Հարնըր։