Featured, Առաջնորդարանէն

ՍԻՐՏԷ ՍԻՐՏ՝ ՆՈՒԷՐ ԱՐՑԱԽԻ ԴՊՐՈՑԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ

Ուրբաթ, 21 Յունիսին, Ազգային Առաջնորդարանի հովանիին տակ գործող «Մեծն Ներսէս» կազմակերպութիւնը արցախցի 40 դպրոցականներու բաժնեց 3.483 տոլարի օգնութեան գումարը, որ հանգանակուած էր Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ «Մուրատ» ազգային վարժարանի եւ կիրակնօրեայ դպրոցի եկեղեցւոյ աշակերտներուն կողմէ (Փրաւիտընս, Ռոտ Այլընտ)։

Առաջնորդարանի դիւանապետ՝ դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան, հանդիպեցաւ դպրոցականներուն եւ անոնց ծնողներուն «Մեծն Ներսէս» կազմակերպութեան գրասենեակին մէջ։ Յանուն Առաջնորդ Սրբազան Հօր, անոնց հաղորդեց մեր յարատեւ զօրակցութիւնը եւ յայտնեց, թէ թեմիս բոլոր ծխականները անխտիր, մանուկներէն մինչեւ երիտասարդներ ու ծերեր, մշտապէս կ՚աջակցին արցախահայութեան, միշտ վստահ ըլլալով, թէ մեր մատղաշ սերունդը պիտի մեծնայ ու դառնայ լաւ մարդ ու լաւ քաղաքացի՝ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, միշտ նայելով ապագային հաւատքով եւ յոյսով։

Այստեղ տեղին է յիշել, թէ մեր բոլոր ծուխերու ընդհանրական օժանդակութեան կողքին, Ս. Սարգիս (Տակլըսթըն, Նիւ Եորք), Ս. Սարգիս (Տիրպորն, Միշիկըն), եւ այժմ Սրբոց Վարդանանց (Փրաւիտընս) եկեղեցիները իւրայատուկ ձեւով կը սատարեն մեր տեղահանուած եղբայրներուն եւ քոյրերուն, անոնց մէջ ներառելով կամքի եւ յարատեւութեան ոգին։

* * *

Ազգային Առաջնորդարանը կը շարունակէ իր աջակցութիւնը բերել Ատրպէյճանի ցեղասպան քաղաքականութեան հետեւանքով Արցախէն տեղահանուած մեր հայրենակիցներուն «Միասին՝ Արցախահայութեան հետ» ֆոնտի միջոցաւ, որ, այլ ծրագիրներու կողքին, ամէն ամիս ամենայն կանոնաւորութեամբ օժանդակութիւն  կը բերէ 40-45 տարբեր ընտանիքներու՝ «Յոյս եւ լոյս» հասարակական կազմակերպութեան միջոցով։