Սուրբեր

ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՏԱՍՆԵՐԿՈՒ ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐԸ ԵՒ ՍՈՒՐԲ ՊՕՂՈՍ՝ ՏԱՍՆԵՐՐՈՐԴ ԱՌԱՔԵԱԼԸ

Շաբաթ, 29 Յունիսին, Հայաստանեայց Եկեղեցին կը յիշատակէ Քրիստոսի տասներկու առաքեալներու եւ Ս. Պօղոսի տօնը, որ կը համարուի «տասներրորդ առաքեալ»ը։

Քրիստոս տասներկու առաքեալ ընտրեց, որպէսզի Իր առաքելութիւնը շարունակէին եւ յորդորեց անոնց քարոզել եւ մկրտել հաւատացեալներ աշխարհի չորս ծագերուն (Մտ 28։19-20)։ Տասներկու օգնականները «Առաքեալ» կոչեց (Մտ 3։14, Ղկ 6։13)։ Առաքեալ գրաբարի մէջ կը նշանակէ «ղրկուած»։ Առաքեալները իրենց կեանքը նուիրեցին Խօսքը (Բանը) տարածելու եւ իրենց վստահուած սուրբ կոչումը կատարելու։ Իրենց պարտականութիւնը պարզապէս Խօսքը հաղորդել չէր, այլ զայն գործադրութեան դնել, առօրեայի վերածել։

Պօղոս (նախապէս ծանօթ՝ Սօղոս անունով) սկզբունքով թշնամի եւ հալածող էր քրիստոնէութեան։ Դամասկոսի ճամբուն վրայ տեսիլք մը ունեցաւ ու դարձի եկաւ, քրիստոնէութիւնը ընդունեց եւ նոր կրօնքի արագ սփռման ախոյեան դարձաւ ինք անձամբ։ Նոր Կտակարանի 14 նամակները Պօղոս Առաքեալի հեղինակութիւնն է։

Քրիստոնէական հաւատքը Թադէոս եւ Բարթուղիմէոս Առաքեալներուն կողմէ Հայաստան քարոզուած ըլլալով, մեր Եկեղեցին կը կոչուի Առաքելական։

«Անճառելի դրախտին աստէն տեսող եւ երրորդ երկնից. նկատող բարձանց, խորոց բանալի. երեքտասան սուրբ առաքեալ Պօղոս հայր համատարած. բարեխօս լեր առ Քրիստոս»։

(Անճառելի դրախտը եւ երրորդ երկինքը այս աշխարհէն տեսնող, բարձունքները զննող, խորութիւնները բացայայտող Պօղոս տասներրորդ սուրբ առաքեալ, հայր ընդհանրական, մեզի համար Քրիստոսի մօտ բարեխօսէ)։