ՄՐՑԱՆԱԿՆԵՐՈՒ ԲԱՇԽՈՒՄ՝ «ԵԴՈՒԱՐԴ ՊՈՅԱՃԵԱՆ» ԴՊՐՈՑԻՆ ՄԷՋ
Չորեքշաբթի, 19 Յունիսին, Ազգային Առաջնորդարանի դիւանապետ՝ դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան, այցելեց «Եդուարդ Պոյաճեան» դպրոցը, որ կը գտնուի «Մեծն Ներսէս» հաստատութեան հովանաւորութեան տակ՝ սփիւռքահայ գրագէտ Եդուարդ Պոյաճեանի (1915-1966) ընտանիքի նիւթական օժանդակութեան շնորհիւ։ 1961-ին հիմնուած թիւ 121 դպրոցը կը գտնուի Երեւանի Մալաթիա-Սեբաստիա թաղամասին մէջ եւ ունի 470 աշակերտներ։ Փոքրիկ թանգարան մը կը ծանօթացնէ ու վեր կը հանէ Եդ. Պօյաճեանի գրական ու հրապարակագրական վաստակը։ Վերջին ժամանակներուն, անոր կիսանդրին, գործ՝ գանատահայ քանդակագործ Յակոբ Ճամպազեանի, զետեղուած է դպրոցի մուտքին։
«Մեծն Ներսէս» կազմակերպութեան գործադիր տնօրէն՝ պրն. Տիգրան Գալստեանի ընկերակցութեամբ, դոկտ. Մատթէոսեան հանդիպեցաւ դպրոցի տնօրէնուհի՝ տիկ. Գոհար Զաքարեանին, եւ դպրոցի ուսուցչական կազմին, ու շրջեցաւ դպրոցը, իրազեկ դառնալով անոր կրթական առօրեային ու ներկայ վիճակին։
Դոկտ. Մատթէոսեան յանձնեց Պոյաճեան ընտանիքի տրամադրած մրցանակները հայագիտական նիւթերու լաւագոյն յառաջդիմութիւնը ցուցաբերող երեք աշակերտներուն՝ Էլենա Թորոսեան (7րդ դասարան), Մէրի Վարդանեան (9րդ դասարան) եւ Մարիամ Մամունց (9րդ դասարան)։ Ան շնորհաւորեց աշակերտները իրենց բացառիկ նուիրումին համար եւ խրախուսեց զանոնք, որ իրենց ջանքերով դառնան վաղուան մեր յոյսը։ Այս տարի, նաեւ յատկացուած է մրցանակ լաւագոյն դաստիարակին, որուն արժանացած է հայոց լեզուի ու գրականութեան ուսուցչուհի՝ տիկ. Ռուզաննա Ղարիբեան։ Դոկտ. Մատթէոսեան գնահատեց անոր կատարած աշխատանքը։