Առաջնորդարանէն

«Ս. ԳՐԻԳՈՐ ՏԱԹԵՒԱՑԻ» ԼՍԱՐԱՆԸ ԿԸ ՍԿՍԻ ԱՅՍ ԿԻՐԱԿԻ

Նկարին մէջ՝ Տաթեւացիները կը պատրաստուին լսարանին Ազգային Առաջնորդարանին մէջ։ Ձախէն աջ՝ Նշան Գույումճեան, Յակոբ Քէչէճեան, Աննա Թէքէեան, Լոռի Թէքէեան եւ Թալին Լագիսեան

Կիրակի, 30 Յունիսին, «Ս. Գրիգոր Տաթեւացի» ամառնային լսարանին բացումը տեղի պիտի ունենայ St. Mary of Providence կեդրոնին մէջ (Էլվըրսըն, Փէնսիլվէնիա)։ Ազգային Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի հովանաւորած ու կազմակերպած լսարանը պիտի տեւէ ամբողջ շաբաթ մը։ Այս տարի, 13-18 տարեկան 42 աշակերտներ կը մասնակցին, իսկ անձնակազմը կը բաղկանայ 14 եկեղեցական եւ աշխարհական անդամներէ։ Դասատուներն են՝ Գերպ. Տ. Սահակ Ծ. Վրդ. Եմիշեան, Գերպ. Տ. Պօղոս Ծ. Վրդ. Թինքճեան (տեսուչ), Արժպ. Տ. Սարգիս Ա. Քհն. Ագթաւուգեան, Արժպ. Տ. Ստեփան Քհն. Պալճեան, Արժպ. Տ. Վահան Քհն. Գույումճեան, Բարշ. Շանթ Ա. Սրկ. Գազանճեան, երէցկին Մակի Գույումճեան եւ տիկ. Նայիրի Պալճեան-Պէլ։ Խորհրդականներ են՝ Բարշ. Յարութիւն Ա. Սրկ. Թագւորեան, երէցկին Մակի Գույումճեան, Յակոբ Քէչէճեան, Նշան Գույումճեան, Թալին Լագիսեան, Թամար Լագիսեան եւ Աննա Թէքէեան։

Լսարանը չորս տարուան վրայ տարածուած կրօնական եզակի յայտագիր մը կը ներկայացնէ, որ կ՚ընդգրկէ Ս. Գրքի քրիստոնէական հաւատքի ուսմունք, առօրեայ պաշտամունքի եւ աղօթքի արարողութիւններ, Հայ Եկեղեցւոյ պատմութիւն, եւ ընկերային ու մարզական յայտագիրներ։ Դասընթացքը կը պարունակէ 75 դասապահեր (15 դասապահ իւրաքանչիւր մակարդակի համար)։