Առաջնորդարանէն

«Ս. ԳՐԻԳՈՐ ՏԱԹԵՒԱՑԻ» ԼՍԱՐԱՆԻ ՆՈՐ ՏԵՍՈՒՉԻ ՆՇԱՆԱԿՈՒՄ

Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, «Ս. Գրիգոր Տաթեւացի» լսարանի նոր տեսուչ նշանակեց Գերպ. Տ. Պօղոս Ծ. Վրդ. Թինքճեանը։ Անցնող հինգ տարիներուն, Գերպ. Տ. Սահակ Ծ. Վրդ. Եմիշեան ամենայն լրջութեամբ վարեց լսարանի տեսչութիւնը։

Վարձքը կատար ըսենք Հայր Սահակին իր տարած բծախնդիր աշխատանքին համար եւ յաջողութիւն կը մաղթենք Հ. Պօղոսին շարունակելու «Ս. Գրիգոր Տաթեւացի» լսարանի առաքելութիւնը։