ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ

Յառաջիկայ Կիրակի, 30 Յունիսին, Թեմիս բոլոր եկեղեցիներուն մէջյ, յընթացս Ս. Պատարագի Հայրապետական մաղթանք պիտի կատարուի Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի գահակալութեան 29ամեակի առիթով։
Մեր աղօթքն ու մաղթանքն է առ Բարձրեալն Աստուած, որ Նորին Սրբութեան պարգեւէ քաջառողջ կեանք եւ ծաղկեալ պահէ Հայրապետական գաւազանը, որպէսզի ազգիս հայոց ճակատագրական այս շրջանին մեր ժողովուրդը առաջնորդէ, լի երկնային իմաստութեամբ։