Առաջնորդարանէն

ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ԳՐԱԿԱՆ ՈՒ ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ՄՐՑԱՆԱԿՆԵՐՈՒ ԲԱՇԽՈՒՄԸ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, անցեալ տարի՝ Ազգային Առաջնորդարանի հովանաւորութեան տակ գործող «Մեծն Ներսէս» բարեգործական կազմակերպութեան 30ամեակին առիթով, հաստատած էր գրականութեան եւ արուեստի մրցանակներ, Հայաստանի Գրողներու Միութեան եւ Երեւանի Գեղարուեստի Ակադեմիայի համա-հովանաւորութեամբ։ Այս տարուան գրական մրցանակաբաշխութիւնը երեք դասակարգերով՝ բանաստեղծութիւն, արձակ եւ մանկապատանեկան գրականութիւն, տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 25 Յունիսին, Գրողներու Միութեան դահլիճին մէջ։

Հերմինէ Աւագեան (բանաստեղծութիւն) եւ Ֆելիքս Բախչինեան (արձակ) առաջին մրցանակներուն արժանացան «Յանուն հայի յարատեւման» նիւթով մրցոյթին։ Բանաստեղծութեան սեռի միւս մրցանակակիրները հանդիսացան Վահան Անդրէասեան (երկրորդ), Հայկ Սիրունեան (երրորդ), Սուսաննա Սայաթեան եւ Ռոբերտ Եսայեան (խրախուսական)։ Արձակի պարագային, յաջորդ մրցանակները ստացան Գուրգէն Խանջեան (երկրորդ), Պերճուհի Աւետեան (երրորդ) եւ Ալիսա Յովհաննիսեան (խրախուսական)։ Մանկապատանեկան գրականութեան առաջին մրցանակը թափուր մնաց։ Երկրորդ մրցանակը կիսեցին Սամուէլ Կոսեան եւ Նարինէ Կռոյեան, Անդրանիկ Կարապետեան ստացաւ երրորդ մրցանակ, իսկ Սաթենիկ Ղազարեան՝ խրախուսական մրցանակ։

Գրող ու ֆիլմի քննադատ Դաւիթ Մուրատեան, որ մրցոյթի յանձնաժողովի նախագահն էր, ներկայացուց մրցանակները։ Գրողներու Միութեան նախագահ Էդուարդ Միլիտոնեան իր խորին երախտագիտութիւնը յայտնեց Անուշաւան Արքեպիսկոպոսին այս մրցոյթը հովանաւորելու համար միութեան հետ։ Այնուհետեւ, ան հրաւիրեց խօսք առնելու Ազգային Առաջնորդարանի դիւանապետ դոկտ. Վարդան Մատթէոսեանը, որ նաեւ Գրողներու Միութեան անդամ է։ Դոկտ. Մատթէոսեան յայտնեց, թէ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, մշակութային ու հայագիտական իր վաստակին բերումով, կրօնական եւ բարեսիրական կալուածներէն անդին անցնող հետաքրքրութիւնն ունի, եւ անոր հոգածութիւնը հայ մշակոյթի հանդէպ զինք մղած է այս նախաձեռնութիւնը հովանաւորելու՝ հայրենի գրական ստեղծագործութիւնը խրախուսելու համար։ Ձեռնարկի վերջաւորութեան, Սաթենիկ Ղազարեան, որ անցեալ տարուան մանկապատանեկան գրականութեան յաղթողը եղած էր «Ծեր նաւը» գործով, դոկտ. Մատթէոսեանին նուիրեց օրինակ մը այդ հատորիկէն, զոր հրատարակած էր իր ստացած մրցանակի գումարով։

Ծրագրուած է լոյս ընծայել երկու տարիներու մրցանակակիր գործերը առանձին հատորով։

Արուեստի մրցանակաբաշխութիւնը

Արուեստի մրցոյթի նպատակն է Երեւանի Գեղարուեստի Ակադեմիայի ուսանողներու տաղանդը ի յայտ բերել եւ զանոնք ներշնչել՝ հայ արուեստի ապագայ դէմքեր դառնալու ճանապարհին։ Մրցանակաբաշխութիւնը կատարուեցաւ Ուրբաթ, 21 Յունիսին, Գեղարուեստի Ակադեմիային մէջ։ Մրցանակաբաշխութեան նախօրեակին լոյս տեսած էր 2023-ին մրցանակի արժանացած գործերը ամփոփող գրքոյկ մը՝ «Մեծն Ներսէս» կազմակերպութեան հովանաւորութեամբ։ 14-21 Յունիսին տեղի ունեցաւ այս տարի ներկայացուած գործերուն հանրային ցուցահանդէսը գեղանկարչութեան, գծանկարչութեան եւ քանդակագործութեան բաժիններուն մէջ։

Դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան՝ Ազգ. Առաջնորդարանի անունով, մրցանակները ներկայացուց յաղթող արուեստագէտներուն, որոնք ընտրուած էին Ակադեմիայի չորս դասախօսներէ բաղկացած յանձնախումբի մը կողմէ։ Մրցանակակիրները հետեւեալներն են.

Գեղարնկարչութիւն՝ Դաւիթ Սահակեան (առաջին), Արեգ Վահրամեան (երկրորդ), Արման Վարդանեան (երրորդ), Էլէն Օհանջանեան (խրախուսական)։

Գծանկարչութիւն՝ Ադելինա Միքայէլեան (առաջին), Մարիաննա Քոչարեան (երկրորդ), Սոնա Ջառահեան (երրորդ), Ելենա Եղիազարեան (խրախուսական)։

Քանդակագործութիւն՝ Աղուան Սահակեան (առաջին), Վահէ Եղիազարեան (երկրորդ), Նարեկ Ստեփանեան (երրորդ), Արթուր Աւագեան (խրախուսական)։

Դատակազմի նախագահ Արամ Իսաբէկեան, Ակադեմիայի տեսուչ դոկտ. Վարդան Ազատեան եւ դոկտ. Վ. Մատթէոսեան իրենց խօսքերուն մէջ դրուատեցին գործերուն որակը եւ ընդգծեցին նախաձեռնութեան կարեւորութիւնը՝ երիտասարդութեան ստեղծագործական տաղանդը քաջալերելու համար։