Առաջնորդարանէն

ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆԻ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

Ուրբաթ, 28 Յունիսին, Ազգային Առաջնորդարանի դիւանապետ՝ դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան, Հայաստանի Ազգային Գրադարանի տնօրէնութեան հրաւէրով, հանրային դասախօսութիւն մը տուաւ՝ «Մեծ Եղեռն եզրոյթը եւ անոր մեկնաբանութիւնները» նիւթին շուրջ։ Ան հարցի վերաբերեալ իր ուսումնասիրութիւններն ու դիտարկումները 2022-ին ամփոփած էր «The Politics of Naming the Armenian Genocide: Language, History and ‘Medz Yeghern’» գիրքին մէջ։

Դասախօսութիւնը ներկայացուց «Մեծ եղեռն» բառակապակցութեան պատմական եւ ժամանակակից նշանակութիւնը։ Դասախօսը ներկայացուց իր տասը տարուան պատմա-համեմատական եւ լեզուաբանական ուսումնասիրութեան արդիւնքները, որոնցմով ան ի մի բերած է միջազգային եզրաբանութեան մէջ «Մեծ եղեռն» եւ «Հայոց ցեղասպանութիւն» բառակապակցութիւններու ընկալման զարգացումները, սկսած Հռոմի Պապ Յովհաննէս Պօղոս Բ.էն մինչեւ Միացեալ Նահանգներու նախագահներ Պարաք Օպամա եւ Ճօ Պայտըն։

Դասախօսութենէն ետք տեղի ունեցաւ աշխոյժ հարց ու պատասխան, որուն ընթացքին ներկաները ստացան զիրենք յուզող հարցերու պատասխանները եւ յայտնեցին իրենց տեսակէտները։