ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԸ
Այսօր՝ 4 Յուլիս, Միացեալ Նահանգներու անկախութեան տօնն է։ Այս առիթով, մէջբերում մը կ՚ընենք ամերիկահայ բանաստեղծ Կրեկորի Ճանիկեանէն։ Ծնած է Աղեքսանդրիա, Եգիպտոս, 1948-ին, եւ ութ տարեկանին տեղափոխուած՝ Միացեալ Նահանգներ։ Ներկայիս կ՚ապրի Ֆիլատելֆիոյ շրջակայքը իր կնոջ՝ արուեստագիտուհի Ալիսա Պենեթի հետ։ «Անոր գործը կը հետազօտէ, ի շարս այլոց, ընտանիքի, պատմութեան եւ մշակոյթի մասնաւոր եւ հանրային ժառանգութիւնը, յաճախ խորհրդածութիւններ կատարելով իր հայկական արմատներուն եւ իբրեւ մանուկ Միացեալ Նահանգներ գաղթին մասին», գրած է «Բանաստեղծութեան հիմնադրամ»ը։ Ստորեւ հատուած մը «Գաղթականներու դաշտահանդէս» բանաստեղծութենէն, որ կ՚անդրադառնայ ընտանեկան խորովածի մը 4 Յուլիսի առիթով, եւ լեզուներու ու աւանդութիւններու խառնուրդին.
Յուլիս չորս է, դրօշակները
կը ներկեն քաղաքը,
փլասթիք պատառաքաղ ու դանակները
շարուած են տողանցքի պէս։
[…]
Այդ չէ ինչ որ սկսիմ ըսել իրենց,
եւ բառերը այժմ կը համեմատեմ ձուկերու հետ,
անոնք, որ ծովուն մէջ են Փորթ Սայտի մօտ,
կամ թռչուններու՝ Նեղոսի արմաւենիներուն միջեւ,
անպայման խուսափուկ ու վայրի։