ՄԱՏԱՂՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԴԱՇՏԱՀԱՆԴԷՍ՝ ՌԷՅՍԻՆԻ ՄԷՋ

Կիրակի, 30 Յունիսին, տեղի ունեցաւ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ (Ռէյսին, Ուիսքանսըն) աւանդական մատաղօրհնութիւնը եւ դաշտահանդէսը «Ճոնսոն» հանրային պարտէզին մէջ։ Մատաղի օրհնութիւնը կատարեց եկեղեցւոյ այցելու հովիւ՝ Արժպ. Տ. Զարեհ Ա. Քհն. Սահակեան։