Ս. ԵՍԱՅԻ ՄԱՐԳԱՐԷ
Այսօր, Հինգշաբթի, 11 Յուլիսին, Հայաստանեայց Եկեղեցին կը նշէ Եսայի մարգարէի տօնը։ Այս մարգարէն յայտնի է Հին Կտակարանին մէջ իր անունը կրող գիրքով, որ կը բաղկանայ 66 գլուխներէ։ Եսայի կը կանխատեսէ Մեսիայի ծնունդը կոյսի մը կողմէ (Ես. 7.14) եւ կը նկարագրէ Մեսիայի տառապանքը (Ես. 52.13-53.12)։ Յիսուսի բազմաթիւ խօսքերը կ՚անդրադառնան այս մարգարէի գիրքին, որ ճանչցուած է իբրեւ Հին Կտակարանի աւետարանիչ, հաշուի առնելով անոր մարգարէութիւնը Քրիստոս Փրկիչի մասին։ Թէեւ Աստուածաշունչին մէջ արձանագրուած չէ, կը կարծուի, որ Եսայի մարգարէ նահատակուած է հրեայ թագաւոր Մանասէի հրահանգով։ Մարգարէի նշխարները կը պահպանուին Յունաստանի Աթոս լերան յոյն ուղղափառ Խիլենտարիա վանքին մէջ։