Սուրբեր

ՍՈՒՐԲ ԹԱԴԷՈՍ ԵՒ ՍՐԲՈՒՀԻ ՍԱՆԴՈՒԽՏ

Շաբաթ, 13 Յուլիսին, Հայաստանեայց Եկեղեցին կը նշէ իր առաջին լուսաւորիչին՝ Ս. Թադէոս Առաքեալի, եւ Հայ Եկեղեցւոյ անդրանիկ նահատակ սուրբին՝ Սրբուհի Սանդուխտի տօնը։

Սանդուխտ իշխանուհին քրիստոնէութեան լոյսին հասաւ Թադէոս առաքեալի շնորհիւ, եւ իր կարգին, շատ ուրիշներ դարձի բերաւ։ Անոր հայրը՝ Սանատրուկ թագաւորը, նախ փորձեց զինք հրաժարեցնել նոր կրօնքէն եւ, ի վերջոյ, թագի եւ սուրի ընտրանքին առջեւ դրաւ իր միամօր դուստրը։ Սանդուխտ ընտրեց սուրը եւ դարձաւ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ առաջին նահատակ սուրբը։ Անոր նահատակութենէն ետք, Թադէոս առաքեալ եւս նահատակուեցաւ Արտազի մէջ (այսօր՝ հիւսիսային Իրան)։

Ս. Թադէի վանքը շինուած է սուրբի գերեզմանին վրայ։ Անցեալ դարու սկիզբին, վանքը ճամբորդներու եւ ուխտագնացներու կարեւոր հանդիպման վայր մըն էր։ Այս տօնին առիթով, տարեկան ուխտագնացութիւն մը տեղի կ՚ունենայ Յուլիս ամսուն։