Ստեփան Մալխասեանց կը հանդիսանայ 20-րդ դարու հայ դասական լեզուաբանութեան կարկառուն անուններէն մէկը՝ Հրաչեայ Աճառեանի եւ Մանուկ Աբեղեանի հետ։
Ծնած է 6 Նոյեմբեր, 1857-ին, Ախալցխայի մէջ (ներկայիս Վրաստան)։ Ծխական դպրոցը աւարտելէ ետք, ուսումը շարունակած է քաղաքի ռուսական գաւառական դպրոցին մէջ։ 1874-ին ընդունուած է Վաղարշապատի Գէորգեան ճեմարանը։ 1878-ին մտած է Ս. Փեթերպուրկի կայսերական համալսարանի արեւելագիտութեան ճիւղը եւ 1889-ին աւարտած՝ իբրեւ հայոց լեզուի, սանսկրիտի եւ վրաց լեզուներու մասնագէտ, ստանալով գիտութիւններու թեկնածուի (դոկտոր) գիտական աստիճան։ Յաջորդ տարի, Մալխասեանց աշխատանքի անցած է Թիֆլիսի Ներսիսեան դպրոցը իբրեւ ուսուցիչ մինչեւ 1910, իսկ 1903-1906-ին տնօրէն եղած է։ Ամուսնացած է Սաթենիկ Պենկլեանի հետ, իսկ այդ տարիներուն գրած է Ներսիսեան դպրոցի 75-ամեայ գործունէութեան պատմութիւնը, ինչպէս նաեւ քանի մը դասագիրքեր ու շատ յօդուածներ։
1910-1914-ին Ստեփան Մալխասեանց Թիֆլիսի Յովնանեան օրիորդաց դպրոցի տեսուչն էր, իսկ 1914-1915 ուսումնական տարին նոյն պաշտօնով աշխատանքի հրաւիրուած է Գէորգեան ճեմարան, սակայն 1917-ին ճեմարանի փակման պատճառով վերադարձած է Թիֆլիս ու տեսչական պաշտօնով գործի անցած՝ Գայիանեան վարժարանին մէջ։
Մալխասեանց ղեկավար դէմքերէն մէկը եղած է 1917-ին հիմնուած Ժողովրդական կուսակցութեան, որ հետագային՝ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան հիմնադիր ճիւղերէն մէկը դարձած է։
1919-ին Մալխասեանց վերջնականապէս Հայաստանի վերադարձած է եւ տարի մը պաշտօնավարած Ալեքսանդրապոլի (ներկայիս՝ Գիւմրի) նորաբաց առաջին համալսարանին մէջ։ Ստեփան Մալխասեանցի ելոյթը Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովին հիմք հանդիսացաւ անկախ Հայաստանի պետական դրօշի գոյներուն, որոնք վերականգնեցան 1991ի վերանկախացումէն ետք։
1 Փետրուար 1920-ին անոր շնորհուած է պատուաբեր իրաւունքը՝ առաջին հանդիսաւոր դասախօսութիւնը տալու նորաբաց Երեւանի պետական համալսարանին մէջ։ 1940-ին ստացած է բանասիրական գիտութիւններու դոկտորի պատուոյ տիտղոս, իսկ 1943-ին ընտրուած է նորակազմ Հայաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիայի հիմնադիր անդամ։ Ակադեմիկոս Ստեփան Մալխասեանց եղած է Սուրբ Էջմիածնի Մայր Աթոռի Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի անդամ։
Մահացած է 21 Յուլիս, 1947-ին, Երեւանի մէջ։
Հայագիտութեան բնագաւառին մէջ, Մալխասեանց չորս կարեւոր ուղղութիւններով զբաղած է՝ բանասիրութիւն, լեզուաբանութիւն, թարգմանութիւն եւ բառարանագրութիւն։ Ասոնց զուգահեռ, ան աշխատակցած է բազմաթիւ թերթերու եւ հանդէսներու։
Ս. Փեթերսպուրկի մէջ ուսումնառութեան տարիներուն, Մալխասեանց պատրաստած ու 1885-ին հրատարակած է 10-րդ դարու պատմիչ Ստեփանոս Տարօնեցիի (Ասողիկ) «Պատմութիւն տիեզերական»ի գիտական բնագիրն ու ծանօթագրութիւնները։ Անոր հետեւած են Ղազար Փարպեցիի, Սեբէոսի եւ Ամիրտովլաթ Ամասիացիի աշխատութիւններուն քննական բնագրերը՝ ծանօթագրութիւններով ու մեկնաբանութիւններով։ Աշխարհաբարի վերածած է Մովսէս Խորենացիի եւ Փաւստոս Բուզանդի գործերը։ Կատարած է թարգմանութիւններ ֆրանսերէնէ (Վիքթոր Հիւկօ), անգլերէնէ (Ուիլիըմ Շէյքսփիր) եւ գերմաներէնէ (Գ. Էպերս), եւ հայերէնէ ռուսերէնի (Սիմէն Երեւանցիի «Ջամբռ», Սեբէոսի «Պատմութիւն հայոց», եւ այլն)։
Ստեփան Մալխասեանց մեծ ներդրում ունեցած է գրաբարի, հայոց լեզուի պատմութեան, համեմատական քերականութեան, ինչպէս նաեւ ժամանակակից հայերէնի քանի մը կնճռոտ ու բանավիճային հարցերու ուսումնասիրութեան մէջ։ Ան իր ծանրակշիռ խօսքը ըսած է հայոց լեզուի ցեղակցութեան, հայերէնի տաղաչափութեան, ուղղագրութեան եւ բազմաթիւ այլ հարցերու վերաբերեալ։
Ստեփան Մալխասեանցի գլուխ գործոցը կը հանդիսանայ քառահատոր «Հայերէն բացատրական բառարանը» (1944-1945), որ դարերու պատմութիւն ունեցող հայ հարուստ բառարանագրութեան մէջ աննախընթաց աշխատանք մըն է։ Ընդգրկած է գրաբարի, միջին հայերէնի, արեւելահայերէնի ու արեւմտահայերէնի, փոխառեալ ու բարբառային բառեր եւ նորաբանութիւններ, 120.000 բառային յօդուածներով եւ գործածութեան օրինակներով։