Ի ՅԻՇԱՏԱԿ

ՃՈՐՃ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ (2 Մայիս, 1927 – 3 Յուլիս, 2024)

Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, եւ Ազգային Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական Ժողովները ցաւով իմացան, որ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ (Տիրպորն, Միշիկըն) գործօն անդամ, գրող եւ ուսուցիչ Ճորճ Մուրատեան իր մահկանացուն կնքած է անցեալ 3 Յուլիսին Իւնիոն Լէյքի (Միշիկըն) մէջ, 97 տարեկանին։

Ճորճ Մուրատեան ծնած է Տիթրոյթ, 2 Մայիս 1927-ին, Վահան եւ Արմենուհի Մուրատեաններու ընտանիքին մէջ։ Ունեցած է կրտսեր քոյր մը՝ Ալիս։ 1945-ին աւարտելէ ետք երկրորդական վարժարանը, ծառայած է ամերիկեան ծովուժի եւ ապա բանակին մէջ։ Աւելի ուշ, յաճախած է Ուէյն նահանգային համալսարան եւ ճարտագիտութեան մագիստրոսական տիտղոսի արժանացած է (1952)։

1950ին ամուսնացած է Ռոզի Խաչիկեանի։ 73 տարուան ամուսնական կեանքի ընթացքին, ունեցած են երեք զաւակներ՝ Միշէլ, Անիթա եւ Վօն, հինգ թոռներ եւ եօթը ծոռներ։

Ճորճ Մուրատեան աշխատած է զանազան մասնագիտութիւններու մէջ, միշտ ձգտելով նոր բան մը փորձել։ Ծառայած է ամերիկեան զանազան ընկերութիւններու մէջ իբրեւ ճարտարագէտ, հետագային հիմնելով իր սեփական ընկերութիւնը։ 1997-ին որակի վերահսկողութիւն դասաւանդած է Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանին մէջ։ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ սկաուտական խումբի համահիմնադիր եղած է ու տասնամեակներ շարունակ՝ սկաուտական ղեկավար։ Եկեղեցւոյ ծառայած է բազմաթիւ պաշտօններու մէջ, ինչպէս կիրակնօրեայ վարժարանի տնօրէն, հոգաբարձութեան անդամ եւ ազգային երեսփոխան։

Ճորճ Մուրատեան նաեւ հեղինակած է 13 հատոր տարբեր նիւթերու շուրջ, ինչպէս “Armenian Info Text”, “Never to Die”, “The First Crusade” եւ ուրիշներ։

Տան կարգը տեղի պիտի ունենայ Հինգշաբթի, 18 Յուլիսին, «։Ֆրէտ Վուտ» մեռելատան մէջ, իսկ յուղարկաւորութիւնը՝ Ուրբաթ, 19 Յուլիսին, առաւօտեան ժամը 11.00-ին Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ, որուն պիտի հետեւի զինուորական արարողութիւն մը եւ թաղումը Oakland Hills Memorial Gardens-ի մէջ։ Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւններ կարելի է կատարել Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ կամ Հ՚ՕՄ-ի Արցախ ֆոնտին։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եւ Ազգային Առաջնորդարանի ընտանիքը իրենց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի ընտանիքին։ Աստուած հոգին լուսաւորէ։