Առաջնորդարանէն

ՆԱՄԱԿ՝ ՏՈՆԸԼՏ ԹՐԱՄՓԻ ԴԷՄ ՄԱՀԱՓՈՐՁԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Նախկին նախագահ Տոնըլտ Թրամփի դէմ վերջին օրերուն գործուած մահափորձին առիթով, ամերիկահայ համայնքապետները հետեւեալ նամակը ուղարկած են.

 

16 Յուլիս, 2024

Պրն. Տանըլտ Ճ. Թրամփ
ԱՄՆ-ի 45րդ նախագահ

 

Յարգելի պարոն,

Այս խռով ժամանակներուն, երբ բռնութիւնը կը թուի անսպասելիօրէն ժայթքիլ նոյնիսկ մեր սիրեցեալ երկրին մէջ, մենք՝ ամերիկահայ համայնքապետներս, կու գանք միասնաբար աղօթելու ձեզի համար ու ձեր ընտանիքին հետ։ Կ՚աղօթենք ձեր կեանքին դէմ վերջին մահափորձին (Պաթլըր, Փենսիլվէնիա) զոհերու ընտանիքներուն եւ մեր մեծ ազգի համար։ Երախտապարտ ենք մեր Գերիշխան Աստուծոյ, որ ձեր վրայ տեղացուց Իր Ողորմութիւնը մեր պատմութեան այդ ճակատագրական պահուն։

Նաեւ ուրախութեամբ կը պատասխանենք ձեզի, նախագահ Թրամփ, եւ ձեր կոչին՝ միասնաբար հանդէս գալու, որպէսզի խաղաղութեամբ ապրինք։ Այդ միասնութիւնը, ինչպէս ձեր կինը այնքան խօսուն կերպով յայտարարած է, կը պահանջէ, որ մարդիկ զիրար չտեսնեն իբրեւ «անմարդկային քաղաքական մեքենաներ», այլ իբրեւ մարդկային արարածներ, որոնք ստեղծուած են Աստուծոյ պատկերով ու նմանութեամբ։ Գիտենք, որ յառաջիկայ ամիսներն ու տարիները դիւրին պիտի չըլլան մեր ազգին համար։ Խռովութիւնը անցած չէ։ Դեռ շատ բան կայ ընելիք, որպէսզի բոլորս ճշմարիտ խաղաղութեան առաւօտեան մը բացուինք։

Կ՚աղօթենք Խաղաղութեան Իշխան մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի, որպէսզի ձեզի եւ ձեր ընտանիքին ուժն ու շնորհքը տայ, որպէսզի արթուն ու յուսալից մնաք մինչ կը քալենք մահուան ստուերի հովիտէն։

Թող Ամենակալ Աստուած անսասան պահէ մեր ազգի հիմքերը, որոնք կառուցուած են այն արժէքներուն վրայ, որոնց համար «Ազատներու Երկրի եւ Քաջերու Տան Հիմնադիր Հայրերը» իրենց բարօրութիւնը զոհեցին։

Այս առիթով, մեր ձայնը կը բարձրացնենք 12-րդ դարու Հայ Եկեղեցւոյ մեր Հայրերէն՝ Ս. Ներսէս Շնորհալիի հետ, ու կ՚ըսենք.

 

Պահապան ամենայնի Քրիստոս,
Աջ Քո հովանի լիցի ի վերայ իմ
ի տուէ եւ ի գիշերի,
ի նստիլ ի տան,
ի գնալ ի ճանապարհ,
ի ննջել եւ ի յառնել,
զի մի երբէք սասանեցայց
եւ ողորմեա քո արարածոց եւ ինձ՝ բազմամեղիս. ամէն:

 

Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի հաւատարիմ ծառաներ՝

Յովնան Արք. Տէրտէրեան
Առաջնորդ, Արեւմտեան (էջմիածնական) Թեմ

Անուշաւան Արք. Դանիէլեան
Առաջնորդ, Արեւելեան Թեմ

Մեսրոպ Եպս. Պարսամեան
Առաջնորդ, Արեւելեան (էջմիածնական) Թեմ

Գեղամ Արք. Խաչերեան
Առաջնորդ, Արեւմտեան Թեմ

Միքայէլ Եպս. Մուրատեան
Առաջնորդ, Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդութիւն

Վեր. Հենտրիկ Շահնազարեան
Հովիւ, Հայ Աւետ. Միութիւն

Զաւէն Խանճեան
Գործադիր տնօրէն, Ամերիկայի Հայ Աւետ. Ընկերակցութիւն