ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱԻՐԻՆ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը իր մասնակցութիւնը բերաւ Մեաըոպ Մաշտոցի անուան մատենադարանի նախաձեռնած Հայագիտական միջազգային համագումարին, որ տեղի ունեցաւ 19-22 Յուլիսին:
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին օրհնութեամբ, Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան եւ Հոգշ. Տ. Տաճատ Վրդ. Աշըգեան ներկայ գտնուեցան պաշտօնական բացման: Համագումարի ընթացքին կազմակերպուած էր «Գրատօն» հայագիտական գիրքի ցուցահանդէս-տօնավաճառը, ուր Հայաստանի եւ Սփիւռքի պետական թէ մասնաւոր հրատարակչատուներ ներկայացուեցան, որոնց կարգին՝ Կաթողիկոսարանիս տպարանէն վերջին հնգամեակին լոյս տեսած հայագիտական հրատարակութիւնները:
«Գրատօն» ծրագրի իրականացման զուգահեռ կատարուեցաւ շնորհահանդէսը «Հասկ հայագիտական տարեգիրք»ի ԺԳ. հատորին, որ նուիրուած է Ս. Ներսէս Շնորհալի հայրապետի վախճանման 850ամեակին: Բացման խօսք արտասանեց Մատենադարանի աւագ գիտաշխատող Հայկ Համբարձումեան, որ բացատրեց «Հասկ» տարեգիրքի անցած ճանապարհը եւ հրաւիրեց փոխտնօրէն Վահէ Թորոսեանը, որ ողջոյնի, գնահատանքի եւ շնորհակալութեան խօսքով հանդէս եկաւ: Ապա, ԺԳ. հատորի բովանդակութիւնը ներկայացուց Մատենադարանի գիտաշխատող Էլիա Սարիբէկեանը: Աւարտին, շնորհակալութեան խօսք արտասանեց «Հասկ հայագիտական տարեգիրք»ի խմբագիր, Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» մատենադարանի եւ հնատիպերու ու ձեռագիրներու բաժանմունքերու տնօրէն Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան:
Տարեգիրքէն օրինակներ տրամադրուեցան համագումարի մասնակիցներուն։
Չորեքշաբթի, 17 Յուլիսին, յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» մատենադարանի եւ հնատիպերու ու ձեռագիրներու բաժանմունքներու տեսուչ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան մասնակցած էր հայ հոգեւոր ձեռագրական կեդրոններու ներկայացուցիչներու հանդիպում-քննարկման, որ տեղի ունեցաւ համագումարի նախօրեակին։ Այս քննարկման մասնակցեցան Մատենադարանի, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան, Կ. Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան, Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան, Վենետիկի Մխիթարեան Միաբանութեան եւ Վիեննայի Մխիթարեան Միաբանութեան ներկայացուցիչները։ Շահան Արքեպիսկոպոս Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի օրհնութիւններն ու ողջոյնները փոխանցեց եւ զեկուցեց Կաթողիկոսութեան ձեռագրական ժառանգութեան մասին։ Մասնակիցները ներկայացուցին ձեռագիր հաւաքածոներու ներկայ վիճակը, վերականգնման առկայ խնդիրները, ինչպէս նաեւ՝ համատեղ ուսումնասիրութիւններու, ցուցադրութիւններու եւ հրատարակութիւններու հնարաւորութիւնները, արհեստագիտական վերջին նորութիւններու կիրառմամբ։