Վերջերս, համացանցային ապահովութեան խանգարում մը զանգուածային ազդեցութիւն գործեց համաշխարհային գործունէութեան մէջ, հանրախանութներէն ու դրամատուներէն մինչեւ օդակայանները։ Պաշտպանութեան միջոցներու այս իրարանցումը կ՚ընդգծէ, միեւնոյն ժամանակ, թէ որքա՛ն ենթակայ ենք ամէն տեսակ սպառնալիքի տեղեկատուութեան ոլորտին մէջ եւս։
Այս բոլոր վտանգներուն խտացումը, ըստ էութեան, կը գտնենք մէկ բանի՝ սուտին մէջ։ Համացանցային ոճրագործները խաբեբաներ են։ Անոնք մշտապէս ձեւեր կը փնտռեն սողալու մեր կեանքին մէջ՝ գողնալու մեր ինքնութեան վերաբերեալ շատ կարեւոր տեղեկութիւններ, մեր վարուելակերպը ղեկավարելու եւ դէպի կորստեան ճանապարհը առաջնորդելու, ըլլայ մեր անձնական կեանքի կամ քաղաքացիական մեր պարտականութիւննեուն մէջ իբրեւ ազատ ու ժողովրդավար ընկերութեան քաղաքացիներ։
Պօղոս առաքեալի՝ Տիմոթէոսին ուղղուած նամակին կիրակնօրեայ ընթերցումը (Բ. Տիմ. 2.15-19) անհաւատալիօրէն նշանակալից է այս աշխարհին մէջ։ Ան կը յորդորէ Տիմոթէոսը, որ զգոյշ ըլլայ կեղծ ուսուցիչներէ, ազդարարելով, որ «այդպիսի խօսքերու ձգած թոյնը քաղցկեղի պէս կը կրծէ մարդս» (Բ. Տիմ. 2.17)։
Ճիշդ այսպէս՝ քաղկեղի պէս, կեղծ ուսմունքներ կը սփռուին աղմուկի եւ տեղեկատուութեան գերծանրաբեռնումի մեր դարաշրջանին մէջ։ Ուժսսպառ եղած ենք ենք ճշմարտութեան հանդէպ մեր վերաբերմունքին մէջ, արագօրէն զայն վանելով իբրեւ անկարելի հետապնդում մը, մինչ կը կշռադատենք, անտարբերութեամբ կամ բուռն կողմնակալութեամբ, մեզ շրջապատող բազմաթիւ ձայները, որոնք այնքան տարբեր «ճշմարտութիւններ» կը հռչակեն։
Սակայն, ընթացիկ կեանքի բարդութիւնները ճշմարտութեան չեն հաւասարիր։ Միայն մէկ Ճշմարտութիւն կայ, եւ հաւատքը անոր տանող միակ ճամբան է։ Դարձեալ, այս Կիրակի օրուան ընթերցումին մէջ, Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ Տիմոթէոսին, թէ Աստուծոյ աշխատող ըլլայ, «որ իր գործերուն համար ամչնալիք բան մը չունի, որպէս մէկը՝ որ ուղիղ կերպով կ’ուսուցանէ Աստուծոյ ճշմարիտ պատգամը»։
Այս ժամանակներուն, երբ այնքան բան վտանգուած է, լսենք Միացեալ Նահանգներու հիմնադիրներէն Թոմըս Ճէֆրսընի խորհուրդը, ուղղուած ուրիշ հիմնադիր հօր մը՝ Ճոն Ատամզին, որուն թելադրած է «հետեւիլ ճշմարտութեան իբրեւ միակ ուղեցոյցը»։