ՓՕԼ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ (ծնունդ՝ 2 Օգոստոս, 1927)
Փօլ Կարապետեան ամերիկահայ ուսողագէտ մըն է, որու համակարգչային հաշուարկները օգնեցին վառելանիւթի արդիւնաւէտ օգտագործման սատարող թեւերու ստեղծման արդի ճամբորդական օդանաւերու համար։
Կարապետեան ծնած է Սինսինաթի 2 Օգոստոս, 1927-ին։ Անոր ծնողները, որ Հարվըրտ համալսարանէն շրջանաւարտ էին, ուսումը ջամբած են տան մէջ։ 1943ին դիմած է Հարվըրտ մտնելու, բայց մերժուած է, եւ յաճախած Պրաուն համալսարան, աւարտելով 1946-ին։ Այնուհետեւ, Հարվարտէն մագիստրոսի տիտղոս ստացած է 1947-ին, իսկ յաջորդ տարին, 21 տարեկան հասակին, պաշտպանած է իր դոկտորական աւարտաճառը թուաբանութեան մէջ։
Եօթնամեակ մը աշխատելէ ետք Գալիֆորնիոյ համալսարանը՝ Պերքլիի մէջ (1949-1956), իսկ երեք տարի՝ Սթանֆըրտ համալսարանը (1956-1959), Փօլ Կարապետեան մտած է Նիւ Եորք համալսարանը, ուր մնացած է յաջորդ 51 տարիները համալսարանի թուաբանութեան համալսարանի համակարգչային բաժանմունքին մէջ, որուն տնօրէն դարձած է 1978-ին։ Վերահսկած է 27 դոկտորական աւարտաճառեր 1953-1997 թուականներուն։ Ամուսնացած է եւ երկու աղջիկ ունեցած է։
Անդամ ընտրուած է ԱՄՆ-ի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիային եւ Արուեստներու եւ Գիտութիւններու Ամերիկեան Ակադեմիային։ Արժանացած է բազմաթիւ մրցանակներու, որոնց շարքին՝ Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի մրցանակը կիրառական թուաբանութեան եւ թուային վերլուծման մէջ։ Առաջին գիրքը՝ “Partial Differential Equation”, հրատարակուած է 1964-ին եւ դեռ կը շարունակուի գործածուիլ աշխարհի տարբեր կողմեր։
1960-1970ական թուականներուն, Կարապետեան անդրադարձած է, որ համակարգչային բնորդներու օգտագործումը կրնար բաւարար ճշգրտութեամբ մերձեցումներ ստեղծել՝ օդանաւերու թեւեր շինելու, որպէսզի բախման ալիքներ (shock wave) չստեղծէին, երբ ճամբորդական օդանաւերը կը հասնէին ձայնի արագութեան մօտերը։ Այս երեւոյթը կը մեծցնէր օդի դիմադրութիւնը, պահանջելով յաւելեալ վառելանիւթի սպառումը արագութիւնը պահելու համար։
1970ական թուականներու վերջերը, ամերիկահայ գիտնականը անցած է կորիզային ուժանիւթի ձուլման ուսումնասիրութեան, որոնելով մագնիսական դաշտեր, որ կարենային աւելի լաւ պահել ապագայ ելեկտրական կայաններու տաք կազերը։ Ան դեռ այս խնդրին վրայ կ՚աշխատէր, երբ իր մահկանացուն կնքած է 13 Մայիս, 2010-ին, Նիւ Եորքի մէջ։